Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անսարուլլա. «Օրական Հարիւրաւոր Նաւեր Կ՛անցնին Պապ Մանտեպ Նեղուցէն, Եւ Կարգ Մը Ընկերութիւններուն Կեցուածքները Ամերիկեան Քարոզչութեան Համահունչ Են»

January 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հուսիներու Անսարուլլա շարժումի բանբեր Մոհամետ Ապտելսալամ յայտնեց. «Ապրանքներու առաքման շարք մը ընկերութիւններու Կարմիր ծովուն մէջ վտանգներու աճի պատրուակով իրենց աշխատանքները առկախելու մասին յայտարարութիւնները արդիւնք են ամերիկեան ճնշումներու եւ վախի մթնոլորտի ստեղծման, եւ անճիշդ կեցուածքներ են, եւ ամերիկեան սադրիչ քարոզչութեան համահունչ»:

«Գոյութիւն ունին հարիւրաւոր նաւեր, որոնք Պապ Մանտեպ նեղուցը առօրեայ կերպով կ՛անցնին: Կը վերահաստատենք, որ արգելք չէ հաստատուած որեւէ նաւու դէմ, բացի անոնք, որոնք առնչուած են ոճրագործ սիոնական թշնամիին կամ բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ անոր նաւահանգիստները կ՛ուղղուին», ըսաւ Ապտելսալամ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը մտահոգութիւն յայտնեց «Կարմիր ծովուն մէջ եւ ընդհանուր առմամբ շրջանին մէջ լարուածութեան նկատմամբ»:

«Կարմիր ծովուն մէջ լարուածութեան թուլացումը առաջնահերթութիւն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարմիր ծովուն մէջ յարձակումները առնչուած են Կազայի մէջ պատերազմին»:

«Կազայի մէջ պէտք է անմիջական զինադադար ըլլայ», նշեց պըն Ֆարհան իշխանը` աւելցնելով. «Իսրայէլէն պատերազմի եւ մագլցումի դադրեցման որեւէ ցուցանիշ չենք տեսներ»:

«Մեր առաջնահերթութիւնը մագլցումը նուազեցնելու հոլովոյթ գտնելն է, եւ ատիկա կախեալ է Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցումէն», ըսաւ ան:

«Կազայի մէջ պատերազմը ամբողջ շրջանը մեծ վտանգներու մէջ կը ներքաշէ», յայտնեց սէուտական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Այն ինչ որ Իսրայէլ Կազայի մէջ կը կատարէ, կը վտանգէ շրջանի անվտանգութիւնը եւ կը սպառնայ խաղաղութեան»:

Եւրոպական Միութիւնը Եմէնի մօտ տիրող կացութիւնը նկատեց «եւրոպական տնտեսութեան սպառնացող»` նշելով. «Կարմիր ծովուն մէջ լարուած կացութեան հետեւանքները սահմանափակ են, սակայն կացութիւնը կրնայ եւրոպական տնտեսութիւնը վտանգել»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով բրիտանական ծովային առեւտուրի մարմինին, հաղորդեց, որ Եմէնի մէջ Սալիֆէն 100 մղոն հիւսիս-արեւմուտք հեռաւորութեան վրայ դէպք մը պատահած է. հրթիռ մը հարուածած է Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող եւ Մալթայի դրօշը բարձրացուցած նաւ մը:

Յունաստանի ծովու ճամբով ապրանքներու առաքման հարցերով նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ հրթիռ մը հարուածած է Եմէնի ծովափին մօտ նաւարկող եւ Յունաստանի պատկանող ապրանքատար նաւ մը:

Աղբիւր մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է, որ բրիտանական «Շել» ընկերութիւնը ցնոր տնօրինութիւն դադրեցուցած է Կարմիր ծովու ճամբով իր բոլոր առաքումները` զգուշանալով նաւերու անձնակազմը վտանգի ենթարկելէ եւ շրջանին մէջ քարիւղի սպրդումէն:

Նախորդը

Իրաք Տուն Կանչած Է Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանը

Յաջորդը

Պլինքըն Զելենսքիին Հաւաստած Է, Որ Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Ուքրանիոյ Աջակցիլ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.