Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանն Ու Ռուսիան Դէմ Են Օտար Դերակատարներու Հարաւային Կովկասի Մէջ Միջամտութեան

June 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ Թեհրանի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը եւ դէմ արտայայտուած շրջանի գործերուն  արտաքին դերակատարներու միջամտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիւանագիտական վարչութիւնը:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ես բացատրեցի Իրանի դիրքորոշումը շրջանի խնդիրներուն վերաբերեալ` նշելով Կովկասի մէջ որոշ արտաշրջանային դերակատարներու գոյութեան ապակայունացնող հետեւանքները: Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է աւելի մեծ համակարգում եւ համագործակցութիւն Իրանի, Ռուսիոյ եւ շրջանային այլ կառավարութիւններու միջեւ», «Էքս»-ի վրայ գրած է Պաքերի Քանի:

Ինչպէս Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան թելեկրամեան ալիքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, Պաքերի Քանի ըսած է. «Կովկասեան շրջանի գործերուն արտաքին միջամտութեան աճը կը պահանջէ ռազմավարական համակարգում եւ մնայուն խորհրդատուութիւն Իրանի եւ Ռուսիոյ պաշտօնատարներուն միջեւ»:

Այս առումով, անոր համաձայն, «կարեւոր է առաւելագոյնս օգտագործել շրջանային գործիքակազմերուն ներուժը, ինչպիսին է «3+3» հարթակը (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա)` արձագանգելու համար շրջանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն»:

Խովայեւ ընդգծած է Մոսկուայի եւ Թեհրանի տեսակէտներու նմանութիւնը Հարաւային Կովկասի խնդիրներուն վերաբերեալ եւ «այս առումով նշած է երկու երկիրներու իշխանութիւններուն միջեւ սերտ եւ մնայուն համագործակցութեան եւ համակարգման անհրաժեշտութիւնը` պայքարելու Անդրկովկասի գործերուն արտաշրջանային դերակատարներու միջամտութեան դէմ»:

Նախորդը

Ըստ «Այտընլըք»-ի. Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս Ապահովական Ժողով Տեղի Ունեցած Է

Յաջորդը

«3 Ամսուան Ընթացքին Հըզպալլայի Անօդաչու Թռչող Սարքերու Դիմակայման Համար Ճարտարագիտական Լուծում Գտնելու Նախատեսութիւններ Գոյութիւն Ունին» Կը Գրէ «Ետիոթ Ահրոնոթ»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.