Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Այտընլըք»-ի. Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս Ապահովական Ժողով Տեղի Ունեցած Է

June 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը հաղորդեց, որ վերսկսած են Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները, որոնք անցեալ տարի տապալած էին երկու կողմերու փոխադարձ պայմաններուն չընդառաջելուն պատճառով:

Թրքական եւ սուրիական պատուիրակութիւնները անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած են սուրիական ծովեզերքին վրայ ռուսական «Հմէյմիմ» օդուժի ռազմակայանին մէջ, եւ կը նախատեսուի, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ:

Թրքական եւ սուրիական զինեալ ուժերէն պաշտօնատարներ երեքշաբթի, 11 յունիսին ռուսական հովանաւորութեամբ սուրիական հողերուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով գումարած են ապահովական ժողով մը եւ քննարկած Իտլիպի եւ անոր մերձակայքին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները: Ըստ տեղեկութիւններուն, նշեալ հանդիպումը գումարուած է Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի միջեւ հանդիպումէն ետք: Տեղեկութիւնները կ՛աւելցնեն, որ թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները հետզհետէ կը մերձենան:

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի 31 մայիսին յայտարարած էր, որ «կը փորձենք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան եւ երկխօսութեան հիմք ստեղծել»` աւելցնելով. «Այդ առնչութեամբ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կը յուսանք մօտ օրէն այդ գծով կարգ մը քայլեր ըլլան»:

Աւելի ուշ, իրաքեան կառավարական պաշտօնատար մը իրաքեան լրատուամիջոցներու յայտնեց, որ Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն պաշտօնատարներ «յառաջիկայ քանի մը օրերուն» Պաղտատի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` նշելով. «Թէ՛ Դամասկոսը, թէ՛ Անգարան մեծ մասամբ ընդունեցին Պաղտատի միջնորդութիւնը»:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Ֆութպոլի Զտում. Փորձ-Զտումի Մրցումներ

Յաջորդը

Իրանն Ու Ռուսիան Դէմ Են Օտար Դերակատարներու Հարաւային Կովկասի Մէջ Միջամտութեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.