Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիրի կնքումը կասեցուած է «իրանցի գործընկերներու մօտ խնդիրներու պատճառով»: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ հարցերով երկրորդ վարչութեան տնօրէն Զամիր Քապուլով:
«Ատիկա (համաձայնագիրի ստորագրման որոշումը) երբեք չէ կորսնցուցած իր ուժը եւ առնչուած չէ… վերջին իրադարձութիւններուն հետ: Ասիկա ռազմավարական որոշում է երկու երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ: Հոլովոյթը կասեցուած է իրանցի գործընկերներու մօտ յառաջացած խնդիրներու պատճառով, սակայն այս աշխատանքը, չեմ կասկածիր, պիտի աւարտի մինչեւ համաձայնագիրի բնագիրի համաձայնեցումը, իսկ յետոյ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի որոշեն ստորագրման ժամանակն ու վայրը», ըսած է Քապուլով:
Այժմ Ռուսիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնները հիմնուած են «Յարաբերութիւններու հիմքերու եւ համագործակցութեան սկզբունքներու մասին» համաձայնագիրին վրայ: Անիկա կնքուած է Մոսկուայի մէջ 2001 թուականի մարտին: