Ռուս խաղաղապահ զօրակազմը վերջնականապէս լքած է բռնագրաւուած Արցախը: Համապատասխան յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ խաղաղապահներու դուրսբերման հոլովոյթը աւարտած է 12 յունիսին: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը:
«Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դուրսբերման հոլովոյթը ամբողջութեամբ աւարտած է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: