Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցելու եւ զինադադար հաստատելու, եթէ Ուքրանիան հեռանայ չորս շրջաններէն եւ հրաժարի ՕԹԱՆ-ին միանալու ձգտումէն:
«Ուքրանական ուժերը պէտք է հեռանան Տոնեցքէն, Լուկանսքէն, Զապորոժիէէն եւ Խերսոնէն, եւ սահմանագծում կատարուի, երբ Քիեւ այդ որոշումը յայտարարէ, ինչպէս նաեւ որոշէ ՕԹԱՆ-ին չանդամակցիլ: Մեր կողմէն` անմիջապէս զինադադարի հաստատման եւ ճակատէն զինեալ ուժերու հեռացման ու երկխօսութիւն կատարելու հրամաններ պիտի տրուին», նշեց Փութին:
«Ոմանց անվտանգութիւնը չի կրնար ուրիշներու անվտանգութեան հաշուոյն ըլլալ: Անցեալ դարու վերջաւորութեան միջազգային ընտանիքը առիթ ունէր, պահանջուածը միայն այն էր, որ զիրար լսենք: Օրին մեր պետութիւնը այս շինիչ աշխատանքը կը կատարէր, սակայն մէկ այլ տիրապետութիւն կար, մասնաւորաբար Ամերիկայի կողմէ, որ կարծեց, թէ Պաղ պատերազմին մէջ «յաղթանակ արձանագրեց», եւ սկսաւ դէպի արեւելք ընդլայնիլ: Ատոր իբրեւ պատասխան մեզի ըսին, խոստացան, որ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը Ռուսիոյ դէմ չէ ուղղուած: ՕԹԱՆ-ի մէջ մեզի ըսին, որ այդ խոստումները բերանացի էին, ուստի պարտադիր չեն»:
«Եւրոպան թերեւս ներգաղթի, տնտեսական ու քաղաքական կացութեան վերաբերեալ քաոսի մատնուի», շեշտեց ան` նշելով. «Եւրոպան այսօր կազը եռապատիկը աւելի սուղ կը գնէ, եւ եւրոպական պետութիւնները կ՛ուզեն Ուքրանիոյ զինուորական մատակարարումները աւելցնել, եւ ատիկա կը պարտադրեն եւրոպական ընկերութիւններուն, որոնք ատիկա չեն ուզեր»:
«Եւրոպան պէտք է Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենայ: Եւրոպացիները` անոնք, որոնք յանձնառու էին եւրոպական արժէքներուն, ատիկա կը հասկնային: Կը յիշեմ 1990-ական թուականներուն սկիզբը Հելմութ Քոլի հետ հանդիպումս, երբ ռուս-եւրոպական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը նշեց», ըսաւ Փութին:
«Եւրոպական ցամաքամասը արիւնաքամ ընելու համար կայսերապաշտական ու մենատիրական ընթացքը շարունակելու ամերիկեան փորձերը կը շարունակուին: Յամենայն դէպս, ատիկա հորիզոն չունեցող անել ճամբայ է», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:


