Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Համասը Մինչեւ Հիմա Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ծրագիրին Գործադրման Դիմաց Մեծագոյն Խոչընդոտն Է»

June 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իտալիոյ մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ գերիներու ազատ արձակման ծրագիր մը ներկայացուցի: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, «Եօթներու խմբակ»-ն ու իսրայէլացիները անոր համաձայն գտնուեցան, եւ մինչեւ հիմա մեծագոյն խոչընդոտը Համաս շարժումն է, որ կը մերժէ ստորագրել, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք նոյնպիսի բան մը առաջարկեցին»:

Նշենք, որ «Եօթներու խմբակ»-ը զօրակցութիւն յայտնեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ամերիկեան ծրագիրին եւ Համասին կոչ ուղղեց զայն ընդունելու:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «(Ամերիկեան բանակի) միացեալ սպայակոյտի պետը իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդագրութեան ընթացքին քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական ներկայ կացութիւնը»:

Փենթակոն ընդգծեց, որ աշխատանք կը տանի «մեղմացնելու Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ լարուածութիւնները եւ մեր դաշնակիցներուն հետ սերտ գործակցութեամբ ամրապնդելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր քննադատեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչի` Պաղեստինեան իշխանութեան հաշուոյն գանձուած տուրքերու գումարէն շուրջ 35 միլիոն տոլար կրճատելու եւ զայն «ահաբեկչութեան զոհերու» ընտանիքներուն փոխանցելու «սխալ» որոշումը:

Միլլըր լրագրողներուն ըսաւ, որ իսրայէլացի նախարարին վարմունքը «պատշաճ չէ: Իսրայէլի կառավարութեան յստակ դարձուցինք, որ այդ գումարները պաղեստինցի ժողովուրդին կը պատկանին»` աւելցնելով. «Զանոնք պէտք է անմիջապէս պաղեստինեան իշխանութեան փոխանցել: Պէտք չէր այդ գումարը գրաւել, եւ պէտք չէ զայն ուշացնել»:

«Կը կարծենք, որ նախարարին կողմէ որդեգրուած այս որոշումը շատ սխալ է», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր յայտնեց. «Կազայի մէջ մարդասիրական իրավիճակը շատ վատ է, եւ զինադադարը անհրաժեշտ է»:

Ան նշեց, որ Կազայի բնակչութեան շուրջ 95 առ հարիւրը ամիսներէ ի վեր մաքուր ջուր չէ ստացած:

Փաուըր շեշտեց, որ յաւելեալ անցակէտեր բանալու եւ օժանդակութիւններու փոխադրման աւելի ազդու գործիքակազմի կարիքը կայ:

Նախորդը

Փութին. «Պատրաստ Ենք Բանակցելու Եւ Զինադադար Հաստատելու, Եթէ Ուքրանիան Հեռանայ 4 Շրջաններէն Եւ Հրաժարի ՕԹԱՆ-ին Միանալու Ձգտումէն»

Յաջորդը

«Նեթանիահուի Կառավարութիւնը Պէտք Է Հիւսիսի Մէջ Հըզպալլայի Վերաբերեալ Յստակ Որոշում Որդեգրէ» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.