Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Շուշիի Փոխարէն Պիտի Մեկնի Պերլին

July 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական եւ գերմանական շարք մը լրատուամիջոցներու համաձայն, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 6 յուլիսին պիտի մեկնի Պերլին` ներկայ գտնուելու ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի Թուրքիա-Նետերլանտներ հանդիպումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը նշէ, որ Էրտողան Պերլին մեկնելու համար փոխած է իր աշխատանքային ժամանակացոյցը` ջնջելով շաբաթ օր նախատեսուած այցելութիւնը Շուշի: 2020 թուականին բռնագրաւուած այդ քաղաքին մէջ Էրտողան պիտի մասնակցէր Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական ընդհանուր ժողովին:

Էրտողան Պերլին մեկնելու որոշում տուած է Թուրքիոյ ազգային խումբի անդամ Մերիհ Տեմիրալի շուրջ ծագած գայթակղութենէն ետք: «Եու.Է.ԷՖ.Ա.»-ն Տեմիրալի դէմ պաշտօնական հետաքննութեան սկսած է, երբ Աւստրիոյ դէմ խաղի ընթացքին կոլ նշանակելէ ետք ան ահաբեկչական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան անդամներուն յատուկ բարեւի նշանը ցուցադրած էր:

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Նանսի Ֆէյզըր պաշտօնական գանգատ ներկայացուցած էր «Եու.Է.ԷՖ.Ա.»-ին, որ պատժէ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը զոյգ ձեռքերով ցուցադրած Տեմիրալը:

«Մեր դաշտերուն մէջ տեղ չունին թրքական աջակողմեան ծայրայեղութեան նշանները: Ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը իբրեւ ցեղապաշտութեան բեմ օգտագործելը ամբողջովին անընդունելի է», ըսաւ Ֆէյզըր:

Գերմանիոյ գիւղատնտեսութեան նախարար Ճեմ Էօզտեմիր, որ ծագումով թուրք է, յայտնեց, որ Տեմիրալի ձեռքի շարժումը «աջ ծայրայեղական» է եւ իմաստը ահաբեկչական ու ֆաշական է:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Յաջորդը

Էրտողան. «Միայն Զինեալներն Են, Որոնք Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կ՛ընդդիմանան»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.