Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պառնէան առանց իսրայէլեան պատուիրակութեան մնացեալ անդամներուն մեկնած է Տոհա` գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու համար:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ բանակցութիւնները երկար ժամանակ պիտի խլեն, եւ իսրայէլեան պատուիրակութեան մնացեալ անդամները Մոսատի ղեկավարին պիտի միանան, եթէ յառաջընթաց արձանագրուի: Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւնները մէկ ամիս տեւեն:
Իսրայէլացի պաշտօնատարները ըսած են, որ Համասի պատասխանը միջնորդներուն յոյս ներշնչած է, սակայն շարք մը խնդիրներ լուծումի կը կարօտին:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միջնորդներու ճամբով Համասի պատասխանը ստանալէն ետք համաձայն գտնուած է Քաթարի մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւնները շարունակելու:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն Տոհայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունենան, մասնակցութեամբ ամերիկեան խումբի մը` օժանդակելու համար համաձայնութեան գոյացման»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն` աւելցնելով, որ Համաս համաձայնութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումին մէջ շատ մեծ բարեփոխումներ որդեգրեց:
Ան ըսաւ, որ Համասի պատասխանը կրնայ հոլովոյթը յառաջ մղել եւ գերիներու ու Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն կնքելու ենթահող պատրաստել` աւելցնելով, որ առկախ հարցերը կը վերաբերին համաձայնութիւնը ինչպէս գործադրելու խնդիրին: Ան հաւանական նկատեց, որ համաձայնութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի չկնքուի:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Համասի պատասխանէն ետք համաձայնութեան հասնելու իսկական առիթ գոյութիւն ունի` նշելով. «Կէտերը դիւրին չեն, սակայն պէտք չէ համաձայնութիւնը խանգարեն»:
Իսրայէլացի այլ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ կարելի է յառաջ ընթանալ, սակայն «ատիկա կախեալ է Նեթանիահուէն»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պետ Ղաֆիր սպառնացած է Նեթանիահուին, որ կառավարութիւնը պիտի տապալէ, եթէ գերիներու փոխանակման հարցին որոշումները Նեթանիահու առանձին որդեգրէ»:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» նշեց, որ խոչընդոտներէն մէկը, որ կրնայ համաձայնութեան գոյացումը խանգարել, Համասի այն պահանջն է, որ Իսրայէլ իրաւունք չունենայ «ապահովական ոլորտէն պաղեստինցի բանտարկեալներու» ազատ արձակման: Այլ խոչընդոտ մըն է Համասի այն պահանջը, որ իսրայէլեան բանակը հեռանայ Ֆիլատելֆիա ճակատէն, ինչպէս նաեւ պատերազմին վերջ տալու յանձնառութեան առնչուող բանաձեւումը:
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի, համաձայնութիւնը կրնայ երկու կամ երեք շաբաթէն գոյանալ:
Իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնած է, որ բանակի հրամանատարութիւնը պատրաստ է Համասի հետ որեւէ գինով գործարք մը ընդունելու, եւ կարեւորը պատերազմը դադրեցնելն է: