Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Տակաւին Գործարքի Շուրջ Բացեր Գոյութիւն Ունին»

Յուլիս 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի լրագրողներու յայտնեց, որ ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը գտնուին Գահիրէ` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններ կատարելու համար: Ան աւելցուց, որ տակաւին երկու կողմերուն միջեւ բացեր գոյութիւն ունին:

Քըրպի ըսաւ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ եւ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ Մքկըրք կը գտնուին Եգիպտոս` եգիպտացի, իսրայէլացի եւ յորդանանցի պաշտօնատարներու հետ ժողով գումարելու համար` աւելցնելով, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին քննարկումներ պիտի ըլլան:

Համաս շարժումը յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն առջեւ խոչընդոտներ կը դնէ: Շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով միջնորդներուն կոչ ուղղեց` Նեթանիահուի խուսանաւումներն ու ոճիրները դադրեցնելու համար միջամտելու:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլացի պաշտօնատարներ անակնկալի մատնուած են կարդալով Իսրայէլի վարչապետին Համասի հետ գործարքին շուրջ իր նախապայմաններուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւններէն` նշելով, որ Նեթանիահու Եգիպտոսի հետ Ֆիլատելֆիա ճակատի եւ Ռաֆահ իսրայէլեան ներխուժման ապագային շուրջ բանակցութիւններուն առջեւ խոչընդոտներ կը դնէ:

Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Նեթանիահու իր նախապայմաններուն շուրջ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է Եգիպտոսի հետ բանակցութիւնները խոչընդոտելու եւ գերիներու փոխանակման գործարքի յառաջընթացի կարելիութիւններուն վնասելու` աւելցնելով. «Այս վարմունքը անպատշաճ է եւ պիտի վնասէ գերիները տուն վերադարձնելու կարելիութիւններուն»:

Քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթը նշեց, որ նայուածքները կ՛ուղղուին Տոհա եւ Գահիրէ, ուր որոշուած է շարունակել Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման գործարքի «դրական մթնոլորտի» պայմաններու մէջ քննարկումը, որ թերեւս «առկախ կէտերու» լուծման կրնայ հասցնել:

«Մենք այս պատերազմը դադրեցնելու եւ երկու կողմերու գերիները ազատ արձակելու իսկական առիթի առջեւ կանգնած ենք», գրեց քաթարեան օրաթերթը:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտնեց, որ իր երկիրը վճռական է Համաս շարժումը անոր բոլոր փաղանգներով ու կարողականութեամբ քայքայելու եւ զայն ամէնուր հարուածելու:

«Ասիկա բազմաթիւ ճակատներու վրայ մղուող ու բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ունեցող երկարատեւ պատերազմ է», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլ աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր կը պատերազմի»:

Հալեւի յայտնեց, որ Իսրայէլ նաեւ վճռական է ամէն ինչ ընել գերիներու վերադարձն ու հիւսիսի եւ հարաւի բնակիչներուն անվտանգ տունդարձը արտօնելու համար:

Նախքան այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ Կազայի մէջ իր ուժերը կրճատել եւ Կազայի մէջ երրորդ փուլին պիտի անցնի»:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Իրանի Քաղաքականութեան Մէջ Որեւէ Խորքային Փոփոխութիւն Չի Նախատեսեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?