Իրանի նախագահ ընտրուած բարեկարգչական Մասուտ Փեզեշքեանի` խորհրդարանին մէջ երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի սկիզբը: Այս մասին երկրի պետական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Իրանի խորհրդարանի դիւանի անդամ Մոժթապա Եոսեֆին:
Եոսեֆին ըսած է, թէ նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին պէտք է «թանզիֆ» կոչուող արարողութեան ժամանակ հաւանութիւն տայ Փեզեշքեանի յաղթանակին: Ապա ենթադրաբար 4 կամ 5 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ նորընտիր նախագահի երդման արարողութիւնը:
Ապա, ըստ նոյն աղբիւրին, Փեզեշքեան 15 օր պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու իր կառավարութեան կազմը` վստահութեան քուէ ստանալու համար:
69-ամեայ Փեզեշքեան ուրբաթ, 5 յուլիսին Իրանի մէջ նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին յաղթանակ արձանագրած էր` ապահովելով քուէներուն 53,6 առ հարիւրը: Անոր մրցակից պահպանողական Սայիտ Ժալիլին ապահոված էր քուէներուն 46,4 առ հարիւրը:
29 սեպտեմբեր 1954-ին ծնած վիրաբուժ Փեզեշքեան 2008-էն ի վեր խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ Թաւրիզ քաղաքը, օգոստոս 2001-էն օգոստոս 2005 նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմիի կառավարութեան մէջ վարած էր առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը, իսկ 2021 թուականին նախագահի պաշտօնին անոր թեկնածութիւնը մերժուած էր:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի ընտրութեան աւարտէն ետք Փեզեշքեանին խորհուրդ տուաւ «շարունակելով երջանկայիշատակ նախագահ Ռայիսիի ուղին, առաւելագոյն ջանքեր ներդրել` երկրի հսկայական ներուժը բացայայտելու համար»:
Խամենէի իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ նորընտիր նախագահը պէտք է օգտագործէ երկրին կարելիութիւնները ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ երկրի յառաջընթացին համար:
Իրանի ազրպէյճանական ծագումով նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան ընտրութեան արդիւնքի հրապարակումէն ետք յայտարարեց. «Բոլորին բարեկամութեան ձեռք պիտի երկարեմ: Բոլորս այս երկրին ժողովուրդն ենք, եւ պէտք է երկրի յառաջդիմութեան համար բոլորին օգնութեան դիմենք»:
Անոր մրցակից Ժալիլի ընդունելով իր պարտութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Բոլորը պէտք է յարգեն ժողովուրդի քուէարկութիւնը, եւ բոլորս պէտք է աշխատինք ամբողջ Իրանի համար»: