Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

July 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ որեւէ գործարք պէտք է Իսրայէլին արտօնէ կռիւը շարունակել: Այս մասին հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը:

Նեթանիահու աւելցուց, որ առաջարկը, որուն Իսրայէլ համաձայն գտնուած է, «պատանդներուն տունդարձը կ՛արտօնէ առանց հրաժարելու պատերազմի նպատակներէն, որոնք պէտք է իրագործել», եւ անոր համաձայն, հազարաւոր զինեալներու հիւսիսային Կազա վերադարձը չի կրնար գործարքին մաս կազմել:

Նեթանիահու իր նախապայմանները շարունակելով նշեց, որ գերիներու փոխանակման որեւէ գործարք «պէտք չէ Եգիպտոսի սահմանէն Համասի զէնքի մաքսանենգումը արտօնէ»:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ, մեկնաբանելով Նեթանիահուի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, հարց տուաւ. «Այս գրգռիչ հաղորդագրութիւնները ի՞նչ օգուտ ունին, երբ մենք կը գտնուինք բանակցութիւններու նուրբ պահու մը մէջ, որմէ կախեալ են գերիներու կեանքերը»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ապահովական եւ քաղաքական պաշտօնատարներ «ապշած են», երբ տեսած են Նեթանիահուի հաղորդագրութիւնը, որուն հրապարակման ժամկէտը նկատած են խնդրայարոյց: Ապահովական աղբիւր մը նշած է, որ Նեթանիահու նշեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է «որոշուած քննարկումներուն արժէքն ու կարեւորութիւնը նուազեցնելու համար»` աւելցնելով, որ Նեթանիահուի վարմունքը «անպատշաճ էր եւ կը վնասէ գերիներու վերադարձի առիթներուն»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ ուրբաթ օր հաղորդած էին, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնէայի Տոհայի մէջ ունեցած բանակցութիւնները «դրական էին` յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար բացերը կամրջելու կարիքով»:

Ամերիկեան եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ եւս հաղորդեցին, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի միանայ Տոհայի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը հաղորդեց, որ Պըռնզ այսօր կը հասնի Գահիրէ` բանակցութիւնները յառաջ մղելու ամերիկեան ջանքերուն ծիրին մէջ: Կայանը հաւանական նկատեց, որ Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պար մասնակցի այդ բանակցութիւններուն: Աւելի՛ն, իսրայէլեան պատուիրակութենէն պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին, իսկ չորեքշաբթի օր` Տոհայի մէջ:

Մանրամասնութիւններէն տեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանին յայտնած են, թէ չորեքշաբթի օր Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ պիտի գումարուի քառակողմ ժողով մը` մասնակցութեամբ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի, Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի, Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնէայի եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի:

Համասի ղեկավարներէն մէկը կիրակի օր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ շարժումը` միջնորդներէն երաշխիքներ ստանալէ ետք, համաձայն գտնուած է գերիներու շուրջ բանակցութիւններու սկսման` «առանց մնայուն զինադադարի հաստատման իսրայէլեան խոստումի»:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

Յաջորդը

Օդակայանին Մէջ Ելեկտրականութեան Հոսանքը Քանի Մը Օրէն Պիտի Վերականգնի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.