Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուազօ Օրպանի Շուշի Այցելութիւնը Հունգարիոյ Համար Խայտառակութիւն Եւ Եւրոպայի Համար Գայթակղութիւն Կ՛որակէ

Յուլիս 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի Հիւսիսային Կիպրոսի ներկայացուցիչի հետ Արցախի բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակցութիւնը Հունգարիոյ համար խայտառակութիւն է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ:

Անոր համաձայն, այս այցելութիւնը Եւրոպայի համար գայթակղութիւն է:

«Արդեօք Հունգարիոյ վարչապետ Օրպանը կասկածի տա՞կ կը դնէ Կիպրոսի խնդիրը», գրած է ան` կից հրապարակելով Օրպանի Շուշի այցելութենէն լուսանկար:

Եւրոպական Միութիւնը դժգոհած էր Օրպանի` բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ 5-6 յուլիսին Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին մասնակցութենէն: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:

Նշուած է, որ Օրպանի վեհաժողովին մասնակցութիւնը բացառապէս Հունգարիոյ եւ այս կազմակերպութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ տեղի ունեցած է: Պորելի յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հունգարիան Եւրոպական Միութենէն լիազօրութիւն չէ ստացած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւնները խթանելու համար:

Հանդիպումին հրաւիրուած էր այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարը: Թուրքիան վեհաժողովին կը ներկայացնէր փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած էր. «Նախ եւ առաջ իմ երախտագիտութիւնս յայտնեմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին մեզ Շուշայի, այս քաղաքին մէջ ընդունելու համար, եւ ձեզ այստեղ տեսնելու առիթը ստեղծելուն համար:

«Մենք բացարձակ յարգանք կը յայտնենք նախագահ Իլհամ Ալիեւին այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթը ընծայելուն համար: Կը յուսանք, որ այսպիսի առիթ մը նաեւ շուտով Եւրոպայի մէջ պիտի ապահովուի»:

Նշենք, որ նախքան բռնագրաւեալ Շուշի այցելելը, Օրպան այցելած էր Քիեւ ու Մոսկուա: Ան Շուշիէն ետք այցելեց Փեքին, ապա մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:

Նախորդը

Փանօ. «Յառաջիկայ Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Ճանչնանք Պաղեստինի Պետութիւնը»

Յաջորդը

Էրտողան. «Կրնամ Որեւէ Պահու Ասատը Հրաւիրել»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?