Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

July 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց ձախակողմեան կուսակցութիւններու Նոր ժողովրդական ճակատ դաշինքը` Ժան Լիւք Մելանշոնի գլխաւորութեամբ:

Դաշինքը ապահովեց 174 աթոռ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գլխաւորած «Միասին» դաշինքը` 156 աթոռ, իսկ Մարին Լը Փենի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միութիւնը` 143 աթոռ, Հանրապետական կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները` 66 աթոռ, իսկ մնացեալ քաղաքական ուժերը` 38 աթոռ:

Նոր ժողովրդական ճակատի ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն յայտնեց, որ վարչապետ Կապրիել Աթալ պէտք է «հեռանայ», եւ Նոր ժողովրդական ճակատը պէտք է «իշխէ»: Ան նաեւ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միութեան ակնարկելով ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը յստակօրէն տապալեց յոռեգոյն լուծումը»:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ ճակատը կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւն պիտի չվարէ, առանձին պիտի իշխէ եւ իր ամբողջ ընտրական ծրագիրը պիտի գործադրէ: Մելանշոն ըսաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պէտք է ընդունի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իր պարտութիւնը եւ Նոր ժողովրդական ճակատը հրաւիրէ նոր կառավարութիւնը կազմելու:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, սակայն, կոչ ուղղեց` կառավարութեան կազմութիւնը ստանձնելիք անձը գիտնալու համար ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերլուծման մէջ «զգուշ ըլլալու», աւելցնելով, որ իր ղեկավարած կեդրոնի պլոքը 7 տարիէ ի վեր իշխանութեան վրայ ըլլալէն ետք տակաւին «կենդանի է»:

Ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային համախմբումի ղեկավար Ժորտան Պարտելան դատապարտեց «ամօթի դաշինքը», որ ֆրանսացիները զրկեց «վերականգնման քաղաքականութենէն»:

«Ազգային համախմբում կուսակցութիւնը աւելի քան երբեւէ կը ներկայացնէ միակ այլընտրանքը», ըսաւ Պարտելա` խոստանալով, որ իր կուսակցութիւնը «քաղաքական որեւէ նեղ գործարքի» մէջ պիտի չմտնէ, եւ «ոչինչ կրնայ կանգնեցնել ժողովուրդ մը, որուն յոյսը վերականգնուած է»:

Նոր ժողովրդական ճակատէն երեսփոխան Տաւիտ Կիրու յայտարարեց, որ իրենք կը բացառեն Մաքրոնի դաշինքին հետ դաշնակցիլը` աւելցնելով, որ Մաքրոն պէտք է հրաժարի կամ գոյակցի Նոր ժողովրդական ճակատին հետ, իսկ Մաքրոնի առջեւ լաւագոյն ընտրանքը հրաժարիլն է:

Նախորդը

Փեզեշքեան Իրանի Նախագահի Պաշտօնը Պիտի Ստանձնէ Օգոստոսի Սկիզբը

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.