Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան, որ յուլիսի սկիզբէն այսպէս կոչուած «խաղաղարար առաքելութիւն» կը կատարէ Քիեւի, Մոսկուայի եւ Փեքինի մէջ, ոչ հրապարակային նամակ գրած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան` ներկայացնելով Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումներուն մանրամասնութիւններն ու Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ Քրեմլինի դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սվոպոտա» կայքը` նշելով, որ խմբագիրները փաստաթուղթը ստացած են եւրոպացի պաշտօնատարէ մը, որ ուզած է անյայտ մնալ:
Նամակը կը կրէ 5 յուլիս թուականը եւ ուղարկուած է Ազրպէյճանէն, ուր Հունգարիոյ վարչապետը այցելած էր Մոսկուայէն ետք, որպէսզի բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ մասնակցէր Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին: Փաստաթուղթը ուղղուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն:
Ըստ նամակին, Քրեմլին վստահ է, որ «ժամանակը ոչ թէ Ուքրանիոյ, այլ ռուսական ուժերուն կողմն է»: Հունգարիոյ վարչապետին համաձայն, Փութին, իրեն հետ զրոյցի ընթացքին, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու կորուստները գնահատած է ամսական 40-50 հազար մարդով: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ան չէ նշած ռուսական կողմի կորուստներուն թիւը:
«Ռուսիոյ նախագահը զարմացած էր, որ Ուքրանիոյ նախագահը մերժած է ժամանակաւոր զինադադարի գաղափարը», գրած է Օրպան: Միաժամանակ, Մոսկուան, անոր համաձայն, պատրաստ է «քննելու զինադադարի որեւէ առաջարկ, որ պիտի չծառայէ ուքրանական ուժերու գաղտնի վերադասաւորման եւ վերախմբաւորման»:
Օրպանի համաձայն, ինք Փութինի հետ քննարկած է, այսպէս կոչուած «չին-պրազիլական խաղաղութեան ծրագիրը» (Չինաստանի եւ Պրազիլի միջեւ ուքրանական ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման ընդհանուր համաձայնագիրները): Ըստ Հունգարիոյ վարչապետին, «ռուսական կողմը կը քննարկէ այս ծրագիրը»:
Հունգարիոյ վարչապետին կարծիքով` Եւրոպան պէտք է հանդէս գայ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին մէջ խաղաղարար հոլովոյթներ սկսելու նախաձեռնութեամբ:
«Եթէ մենք չկարենանք զսպել կամ կասեցնել այս հոլովոյթը (ուքրանական պատերազմը, «Ա.»), ապա յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին ականատես պիտի ըլլանք առաջնագիծի վրայ աւելի ողբերգական կորուստներու եւ զինուորական իրադարձութիւններու», կը նշուի Օրպանի նամակին մէջ: