Միջազգային

Կալանթ. «Համասի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու  Պայմանները Հասունցան, Սակայն Նեթանիահու  Դժուարութիւնները Կ՛աւելցնէ»

Կալանթ. «Համասի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Պայմանները Հասունցան, Սակայն Նեթանիահու Դժուարութիւնները Կ՛աւելցնէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Եթէ երկու շաբթուան ընթացքին (Համասի հետ) գերիներու փոխանակման գործարք չկնքուի, ատիկա կը նշանակէ գերիներուն ճակատագիրը վճռել»: «Համասի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանները հասունցան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն դժուարութիւնները կ՛աւելցնէ», յայտարարեց Կալանթ` շեշտելով. «Նեթանիահուն համաձայնութեան հասնելու դժուարութիւնը կ՛աւելցնէ, որպէսզի համախմբական կառավարութեան երկու անդամներ` նախարարներ Իթամար պեն Ղաֆիրն ու Պեցալէլ Սմոթրիչը չկորսնցնէ»: Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի...

Կրոնօ Պիտի Փոխարինէ Քլաարը

Կրոնօ Պիտի Փոխարինէ Քլաարը

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար պիտի փոխարինուի Չեխիայէն Մակտալենա Կրոնոյով: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան մէջ Չեխիոյ մնայուն ներկայացուցչութիւնը: «Քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբը տակաւին նոր հաստատած է Չեխիայէն Մակտալենա Կրոնոն` իբրեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ : Թեկնածութիւնը պաշտօնապէս պիտի հաստատէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը»,...

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է  Օրպանի Մոսկուա Այցելութիւնը

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Օրպանի Մոսկուա Այցելութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի նոր կազմը 17 յուլիսին որդեգրած բանաձեւով կոչ ուղղած է շարունակելու Ուքրանիոյ աջակցութիւնը եւ դատապարտած Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի Ռուսիա այցելութիւնը: Բանաձեւը որդեգրուած է 495 թեր, 137 դէմ եւ 47 ձեռնպահ քուէներով: Փաստաթուղթը կը հաստատէ աջակցութիւնը Ուքրանիոյ անկախութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու Ռուսիոյ ու Պիելոռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները եւ բռնագրաւելու ռուսական սառեցուած պետական հաշիւները: Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտած...

Քանի. «Իսրայէլ Թեհրանի Դաշնակիցներուն Հետ Իր Պատերազմին Մէջ Կը Պարտուի»

Քանի. «Իսրայէլ Թեհրանի Դաշնակիցներուն Հետ Իր Պատերազմին Մէջ Կը Պարտուի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց. «Իսրայէլ Թեհրանի դաշնակիցներուն հետ իր պատերազմին մէջ կը պարտուի»: Պաքերի Քանի այս մասին յայտարարեց ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ուաշինկթըն Իսրայէլին կը մատակարարէ մահաբեր զէնքեր, որոնք Կազայի բնակչութիւնը կը սպաննեն, եւ անիկա պարկեշտ միջնորդ մը չէ, եւ եթէ ամերիկացիները միջնորդութեան նկատմամբ անկեղծ են, ապա պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլի զէնքերու յանձնումը»,...

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս Տանըլտ Թրամփը առաջադրեց իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու: Այս մասին յայտարարուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան Ուիսքոնսըն նահանգի Միլուոքի քաղաքին մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին: Թրամփ ապահովեց 2268 պատուիրակներու քուէները, ինչ որ թեկնածու առաջադրուելուն համար անհրաժեշտ քուէներուն կրկնապատիկն էր: Թրամփ բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ, երբ մահափորձի ենթարկուելէն երկու օր ետք, ականջը կապուած մուտք գործեց ժողովասրահ: Ան յայտարարեց փոխնախագահի իր թեկնածուի անունը`...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն ջնջած է Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներուն Հունգարիա այցելութիւնը: Այս մասին յայտնած է անոր բանբեր Էրիք Մամեր: «Հաշուի առնելով Հունգարիոյ` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ նախագահութեան մեկնարկը նշող վերջին իրադարձութիւնները, Եւրոպական յանձնաժողովը բարձր մակարդակով (գլխաւոր տնօրէնութիւններու ղեկավարներու մակարդակով)  ներկայացուած պիտի ըլլայ միայն Հունգարիոյ նախագահութեան տակ գտնուող Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական նիստերուն: Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներու նախագահող...

Կանց. «Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արդարադատական Յեղաշրջում Մը, Որ Տկարացուց Պետութիւնը, Եւ Համաս Զայն Նշմարեց Ու Գործեց»

Կանց. «Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արդարադատական Յեղաշրջում Մը, Որ Տկարացուց Պետութիւնը, Եւ Համաս Զայն Նշմարեց Ու Գործեց»

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կ՛ուզէ առեւանգեալները վերադարձնել, սակայն կը վախնայ քաղաքական ռիսքի դիմելէ»: «Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցաւ արդարադատական յեղաշրջում մը, որ տկարացուց պետութիւնը, եւ Համաս նշմարեց այդ տկարութիւնը եւ իր ըրածը ըրաւ», նշեց Կանց: Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած են իսրայէլացի...

Մասքաթի Մէջ Շիիներու Մզկիթի Մը Մերձակայքին Մէջ Կրակոցի Պատճառով 4 Անձեր Մահացած Են

Մասքաթի Մէջ Շիիներու Մզկիթի Մը Մերձակայքին Մէջ Կրակոցի Պատճառով 4 Անձեր Մահացած Են

Օմանի ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ չորս անձեր սպաննուած են եւ շարք մը ուրիշներ վիրաւորուած, երբ մայրաքաղաք Մասքաթի Ուատի Քապիր շրջանին մէջ գտնուող մզկիթի մը մերձակայքին մէջ կրակոց արձակուած է: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ոստիկանութիւնը իր հակիրճ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ կացութեան նկատմամբ բոլոր ապահովական քայլերը որդեգրած է եւ փաստահաւքի աշխատանքն ու հետաքննութիւնը պիտի շարունակէ: Ընկերային շարք...

Ռոպերթա Մեցոլա Վերընտրուած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ

Ռոպերթա Մեցոլա Վերընտրուած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ

Մալթացի քաղաքական գործիչ Ռոպերթա Մեցոլա վերընտրուած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ: Ան 2,5 տարի պիտի պաշտօնավարէ: Քուէարկութիւնը հեռարձակուած է խորհրդարանի կայքին վրայ: Մեցոլայի թեկնածութեան օգտին քուէարկած է խորհրդարանի 720 անդամներէն 562-ը: Անոր մրցակիցը` Սպանիայէն երեսփոխան, «Փոտեմոս» («Մենք կարող ենք») ձախակողմեան սպանական կուսակցութեան անդամ Իրեն Մոնթերոն էր: 45-ամեայ Մեցոլա Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 2013 թուականին: Ան կը ներկայացնէ եւրոպական օրէնսդիր մարմինի...

Ղեւտացի Երիտասարդներ Պենի Պրաքի Մէջ Յարձակած Են Բարձրաստիճան Սպաներու Վրայ Եւ Զայրոյթ Յառաջացուցած

Ղեւտացի Երիտասարդներ Պենի Պրաքի Մէջ Յարձակած Են Բարձրաստիճան Սպաներու Վրայ Եւ Զայրոյթ Յառաջացուցած

Իսրայէլեան բանակէն երկու բարձրաստիճան սպաներ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերը Պենի Պրաք քաղաքին մէջ իսրայէլեան բանակին մէջ ղեւտացիներէ բաղկացած Տաւիտ զօրամասի ստեղծման համար աշխատող Լիպել ռաբբիի հետ իրենց ժողովէն ետք ղեւտացի երիտասարդներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած են: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակին մէջ մարզումի հրամանատարութեան ղեկավար հազարապետ-զօրավար Տաւիտ Զենին եւ ցամաքային ուժերու անդամներու բաժինի ղեկավար զօր. Շայ Թիպ երկուշաբթի գիշեր...

Իսրայէլացի Բանագնացներ Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Նեթանիահուն

Իսրայէլացի Բանագնացներ Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Նեթանիահուն

Ապահովական ոլորտի իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` առաջարկին յանձնառու ըլլալու մասին խօսքը ճիշդ չէ, որովհետեւ գործարքը խանգարող նախապայմաններ ճշդած է: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահուի եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն միջեւ տարակարծութիւն յառաջացած է իսրայէլեան բանակի Ֆիլատելֆիա միջանցքին մէջ մնալու հարցին շուրջ, եւ Նեթանիահու...

Պայտըն. «Միասնութիւնը Մեր Գլխաւոր Նպատակն Է»

Պայտըն. «Միասնութիւնը Մեր Գլխաւոր Նպատակն Է»

Միասնութիւնը մեր գլխաւոր նպատակն է: Հիմա միասնութենէն աւելի կարեւոր բան չկայ: Այս պահուս կրակողի դրդապատճառներուն մասին տեղեկութիւն չունինք: Մենք գիտենք, թէ ան ով է: Բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ` զերծ մնալու անոր շարժառիթներուն կամ կապերուն մասին շահարկումներէն: Այս մասին յատուկ ուղերձի մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: «Երէկ երեկոյեան ես խօսեցայ Տանըլտ Թրամփի հետ: Ես իսկապէս ուրախ եմ, որ ան...

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Թրամփի Դէմ Մահափորձը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Կարողական Ներքին Ահաբեկչական Գործողութիւն

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Թրամփի Դէմ Մահափորձը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Կարողական Ներքին Ահաբեկչական Գործողութիւն

Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակը` «Էֆ.Պի.Այ.»-ը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ հանրահաւաքի ժամանակ տեղի ունեցած կրակոցը կը դիտարկէ իբրեւ կարողական ներքին ահաբեկչական գործողութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «13 յուլիսին Փենսիլվենիոյ Պաթլըր քաղաքին մէջ հանրահաւաքի ժամանակ տեղի ունեցած կրակոցը, որուն հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, իսկ նախկին նախագահ Տանըլտ...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են անտեսել օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ գումարուելիք վեհաժողովը` միեւնոյն ժամանակ կազմակերպելով  սեփական «պաշտօնական» վեհաժողով: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն: Օրաթերթը կը գրէ, որ Հունգարիան, որ կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, կը նախատեսէ 28-29 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ վեհաժողով գումարել: Սակայն այդ երկրի վարչապետ Վիքթոր Օրպանի Ուքրանիոյ օգնութեան ցուցաբերումը խանգարելէն եւ ինքնակամ...

Իրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատունը Վերաբացուած Է

Իրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատունը Վերաբացուած Է

Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը վերսկսած է իր գործունէութեան: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: 2024 թուականի մարտին հաղորդուած էր, որ Թեհրանն ու Պաքուն համաձայնած են ազրպէյճանցի դիւանագէտներու Իրան վերադարձին շուրջ: Հարցը քննարկուած էր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ անոր այն ժամանակուան իրանցի գործընկեր Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հանդիպումին ընթացքին: Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան գործունէութիւնը դադրեցուած...

Փեզեշքիան. «Թեհրան Պիտի Շարունակէ  Աջակցիլ Պաղեստինեան Դատին»

Փեզեշքիան. «Թեհրան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Պաղեստինեան Դատին»

Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի իր նախագահ ընտրութեան առիթով յղած շնորհաւորական նամակին պատասխանելով յայտնեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին «Թեհրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաղեստինեան դատին»: «Իրան կառչած է իսլամական յեղափոխութեան սկզբունքներուն ու անոր վսեմ նպատակներուն, եւ երջանկայիշատակ իմամ Խումէյնիի դասերուն եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Խամենէիի ցուցմունքներուն ծիրին մէջ Թեհրանի կարծիքով իր...

Էրտողան. «Իսրայէլի Սպառնալիքները  Պէտք Է Վերջ Գտնեն, Այլապէս Մեր Շրջանը  Աւելի Խոր Տագնապներու Ծագումը Պիտի Դիմագրաւէ»

Էրտողան. «Իսրայէլի Սպառնալիքները Պէտք Է Վերջ Գտնեն, Այլապէս Մեր Շրջանը Աւելի Խոր Տագնապներու Ծագումը Պիտի Դիմագրաւէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սրեպրենիչայի ցեղասպանութեան 29-ամեակին առիթով իր տեսաուղերձին մէջ յայտնեց, որ Կազայի մէջ «վայրագութեան» պատասխանատուները ուշ կամ կանուխ միջազգային արդարադատութեան առջեւ պիտի դատուին, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Պոսնիոյ Սրեպրենիչայի պարագային: Էրտողան ըսաւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդը «այսօր Կազայի եւ պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերուն վրայ 29 տարի առաջ Սրեպրենիչայի մէջ տեղի ունեցածին նման վայրագութեան կ՛ենթարկուին»: Ան աւելցուց, որ միջազգային հաստատութիւններն ու...

Թրամփ Մահափորձի Ենթարկուեցաւ

Թրամփ Մահափորձի Ենթարկուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Փենսիլվենիա նահանգի Պաթլըր քաղաքին մէջ ընտրական հաւաքի ընթացքին աջ ականջէն վիրաւորուեցաւ, երբ զինեալ մը մօտակայ շէնքի մը տանիքէն անոր վրայ կրակ բացաւ: Թրամփին անվտանգութեան հսկող նախագահական թիկնապահական ծառայութիւնը` Գաղտնի ծառայութիւնը յայտնեց, որ զինեալն ու ներկաներէն մէկը մահացած են, իսկ հաւաքի երկու մասնակիցներ ծանրօրէն վիրաւորուած են: «Էֆ.Պի.Այ.»-ը հաստատեց, որ տեղի...

Նեթանիահու. «Պատերազմը Պիտի Աւարտի Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Իսրայէլը Հասնի Իր Բոլոր Նպատակներուն, Ներառեալ Հիւսիսի Բնակիչներու Տունդարձը»

Նեթանիահու. «Պատերազմը Պիտի Աւարտի Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Իսրայէլը Հասնի Իր Բոլոր Նպատակներուն, Ներառեալ Հիւսիսի Բնակիչներու Տունդարձը»

Պատերազմը պիտի աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ  Իսրայէլ հասնի իր նպատակներուն, ըստ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ի յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` աւելցնելով, որ այդ նպատակները կը ներառեն հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն տունդարձը: Ըստ Նեթանիահուի, բոլոր նպատակներուն հասնիլը «լիակատար յաղթանակ պիտի բերէ եւ պիտի վերականգնէ Իսրայէլի զսպման ներուժը»: Ան աւելցուցած է, որ վերջին շաբաթներուն, իսրայէլեան զինուորական ճնշումին պատճառով «Համասի շարքերուն մէջ ճեղքեր...

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Մեր Զինուորական Միջամտութիւնը Մօտեցաւ Իր Աւարտին»

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Մեր Զինուորական Միջամտութիւնը Մօտեցաւ Իր Աւարտին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը մօտեցած է իր աւարտին` նշելով. «Շատ շուտով հիւսիսային Իրաքի մէջ գործողութիւններու շրջանի փակում պիտի իրագործենք»: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Պիտի ամբողջացնենք Սուրիոյ մէջ մեր հարաւային սահմանի երկայնքին ապահովական գօտիին մէջ առկախ կէտերը», աւելցուց Էրտողան` նշելով միաժամանակ, որ վճռական է «ոչնչացնելու...

Page 146 of 882 1 … 145 146 147 … 882

Արխիւներ