Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը

July 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են անտեսել օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ գումարուելիք վեհաժողովը` միեւնոյն ժամանակ կազմակերպելով  սեփական «պաշտօնական» վեհաժողով: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն:

Օրաթերթը կը գրէ, որ Հունգարիան, որ կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, կը նախատեսէ 28-29 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ վեհաժողով գումարել:

Սակայն այդ երկրի վարչապետ Վիքթոր Օրպանի Ուքրանիոյ օգնութեան ցուցաբերումը խանգարելէն եւ ինքնակամ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպելէն ետք, բազմաթիւ արտաքին գործոց նախարարներ միջոցներ կը փնտռեն խուսափելու Օրպանի մէկ նոր քարոզչական շոուէն:

Եւրոպական Միութեան երեք դիւանագէտներու համաձայն, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը պիտի հրաւիրէ նախարարները «պաշտօնական» խորհուրդի` Օրպանի վեհաժողովի նոյն ժամանակաշրջանին:

«Եթէ այդ օր տեղի ունենայ Պորելի կազմակերպած արտաքին գործոց պաշտօնական խորհուրդը, նախարարները պիտի չկարենան Պուտափեշթ երթալ», ըսած է դիւանագէտներէն մէկը:

Միւս դիւանագէտը աւելցուցած է, որ Պուտափեշթի հանդիպումը պոյքոթի ենթարկելով` միւս արտաքին գործոց նախարարները կ՛ուզեն «յստակ ազդանշան ուղարկել», որ Հունգարիան Եւրոպական Միութեան անունով հանդէս չի գար»:

«Փոլիթիքօ»-ի տուեալներով` այդ ծրագիրը արդէն ոչ պաշտօնապէս քննարկուած է քանի մը երկիրներու կողմէ, ներառեալ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ: Չորեքշաբթի օր Պորելի խումբը պիտի ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան 27 մնայուն ներկայացուցիչներու ծրագիրը:

2 յուլիսին Օրպան այցելեց Քիեւ, ուր նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին առաջարկեց դադրեցնել դիմադրութիւնը ռուսական ներխուժման, վար դնել զէնքերը եւ համաձայնիլ «խաղաղութեան բանակցութիւններուն»:

5 յուլիսին Օրպան այցելեց Մոսկուա, ուր բանակցութիւններ վարեց Փութինի հետ: Ատկէ ետք ան մեկնեցաւ Չինաստան: Եւրոպական Միութեան մէջ քննադատած են այս ուղեւորութիւնները, որովհետեւ անոնք համաձայնեցուած չէին, իսկ Օրպանը ոչ ոք լիազօրած էր խօսելու ամբողջ միութեան անունով:

Հունգարիան չեղեալ նկատած էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի Պուտափեշտ այցելութիւնը, որովհետեւ անոր հունգարացի պաշտօնակից Փեթեր Սիարթոն անսպասելի կերպով Օրպանի հետ մեկնած էր Փութինի մօտ:

Հունգարիոյ կառավարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Օրպան «Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու առաջարկներ ներկայացուց»:

Նախորդը

Իրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատունը Վերաբացուած Է

Յաջորդը

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Թրամփի Դէմ Մահափորձը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Կարողական Ներքին Ահաբեկչական Գործողութիւն

RelatedPosts

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»
Միջազգային

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.