Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սրեպրենիչայի ցեղասպանութեան 29-ամեակին առիթով իր տեսաուղերձին մէջ յայտնեց, որ Կազայի մէջ «վայրագութեան» պատասխանատուները ուշ կամ կանուխ միջազգային արդարադատութեան առջեւ պիտի դատուին, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Պոսնիոյ Սրեպրենիչայի պարագային:
Էրտողան ըսաւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդը «այսօր Կազայի եւ պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերուն վրայ 29 տարի առաջ Սրեպրենիչայի մէջ տեղի ունեցածին նման վայրագութեան կ՛ենթարկուին»:
Ան աւելցուց, որ միջազգային հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները «կը բաւարարուին դիտելով սպանութիւնը շուրջ 40 հազար անմեղ մարդոց, որոնց շարքին 16 հազար մանուկներու, ճիշդ ինչպէս 29 տարի առաջ ըրին Սրեպրենիչայի մէջ»:
«Իսրայէլի սպառնալիքներն ու տագնապը ընդլայնելու փորձերը պէտք է վերջ գտնեն, այլապէս մեր շրջանը աւելի խոր տագնապներու ծագման վտանգը պիտի դիմագրաւէ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Անկասկած ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի տագնապի ծագման հաւանականութիւնը մտահոգիչ է, եւ պէտք է խուսափիլ որեւէ քայլէ, որ կրնայ այդ հետեւանքին յանգեցնել»:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց. «Մեր հիմնական նպատակը այն է, որ սուրիական հողերը ահաբեկչութենէն ամբողջովին դատարկ ըլլան, եւ Սուրիան ըլլայ բարգաւաճ պետութիւն մը, ուր սուրիացիները կ՛իշխեն»: