Միջազգային

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ  Կը Համագործակցի, Որպէսզի Համաձայնագիրի  Հաստատման Ձգտին, Մենք Տակաւին Ատկէ Հեռու Ենք»  Կ՛ըսէ Պորել

Պորել. «Այն, Ինչ Որ Կազայի Մէջ Կը Պատահի, Կարելի Չէ Ընդունիլ, Եւ Ներկայիս Իսրայէլի Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելը Կարելի Չէ»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, կարելի չէ ընդունիլ, եւ կը զօրակցինք Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումի գործադրութեան»: «Ներկայիս Իսրայէլի հետ գործակցութիւնը ներկայ կացութեան լոյսին տակ չենք կրնար բնական կերպով շարունակել», յայտարարեց Պորել: «Իսրայէլ կրնայ պատմութիւնը իր ուզած ձեւով մեկնաբանել, սակայն միջազգային օրէնքի յարգումը պարտաւորիչ է, եւ Եւրոպական Միութեան մէջ պիտի...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դատապարտէ Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Շրջանային  Լարուածութիւնը Մեծցնող Քայլերէն

Անգարա Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Համասի Զինման Մասին Իսրայէլի «Սուտերը»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քացի` Թուրքիան պաղեստինեան Համաս շարժումին «զէնքերու եւ գումարներու ապահովման» մեղսակցութեամբ ամբաստանելէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի «սուտերն» եւ «անյարգելից վերաբերմունքը»: «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը սուտերով եւ զրպարտութիւններով կ՛ուզէ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի ոճիրները թաքցնել», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Իսրայէլեան կեղտոտ քարոզչութիւնն ու մեր երկրին ու նախագահին վրայ հոգեբանական ճնշումները որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենան»,...

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Մշտապէս Աջակցիլ  Սուրիոյ Կառավարութեան` Պետութեան Գերիշխանութիւնը  Պաշտպանելու Ցանկութեան Մէջ»

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Մշտապէս Աջակցիլ Սուրիոյ Կառավարութեան` Պետութեան Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու Ցանկութեան Մէջ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 80-ամեակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Կ՛ուզեմ հաստատել, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ մշտապէս աջակցիլ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան` երկրին գերիշխանութիւնը, միասնականութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, ազգային անվտանգութիւնն ու ներքաղաքական կայունութիւնը պաշտպանելու անոր ձգտումը: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ ռուս-սուրիական կապերու ամբողջ...

Վուչիչ. «Արեւմուտքը Սպասուածէն Աւելի  Արագ Ռուսիոյ Հետ Ուղղակի Տագնապի  Կը Պատրաստուի»

Վուչիչ. «Արեւմուտքը Սպասուածէն Աւելի Արագ Ռուսիոյ Հետ Ուղղակի Տագնապի Կը Պատրաստուի»

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ յայտնեց. «Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ ուղղակի զինեալ տագնապի կը պատրաստուի»: «Ոմանց երեւակայածին նման Ռուսիոյ պարտութիւնը նախատեսելը անկարելի է… Վլատիմիր Փութին կ՛ուզէ, որ իր քաղաքական ժառանգութիւնը ըլլայ Յովհաննէսի, Մեծն Պետրոսի, Մեծն Կատարինէի ժառանգութիւնը, ան աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնով կը մտածէ, ան անձ մըն է, որ կրցաւ անոնց բոլոր յատկութիւնները իր անձին մէջ միաւորել: Եթէ պարտուի, այդ ժառանգութենէն ոչինչ պիտի մնայ»:...

Փարիզ Կը Պատրաստուի Ողիմպիական  Խաղերու Բացման Արարողութեան

Փարիզ Կը Պատրաստուի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութեան

Փարիզ կը պատրաստուի Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան: 26 յուլիսին ապահովական մարմիններէ 205 խումբեր 96 նաւերով 6 քիլոմեթր պիտի նաւարկեն Սեն գետի երկայնքին` քաղաքի կեդրոնէն մինչեւ Էյֆելեան աշտարակ: Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ահաբեկչական սպառնալիքի պատճառով կը ձեռնարկուին անվտանգութեան աննախադէպ քայլեր: Մեծագոյն վտանգը իսլամական հաւանական յարձակումներն են: Բացման արարողութեան ժամանակ փակ պիտի ըլլան Փարիզի բոլոր օդակայանները, իսկ ոչ թռիչքային գօտին...

«Իսրայէլին Մեր Հակադարձութիւնը Մեծ Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսեն Հուսիները

«Իսրայէլին Մեր Հակադարձութիւնը Մեծ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսեն Հուսիները

Հուսիներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող եմէնեան զինեալ ուժերը իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստին դէմ եւ Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով երկու գործողութիւններ կատարեցին` հակադարձելով շաբաթ երեկոյեան Եմէնի վրայ ամերիկեան-բրիտանական-իսրայէլեան յարձակումին: Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եհիա Սարիհ երէկ յայտարարեց, որ իրենց ուժերը շարք մը թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են Ըմ Ռաշրաշ (Իլաթ, «Ա.») շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը, իսկ երկրորդ գործողութեամբ...

Քաաց. «Գործարքի Կնքման Ուղղութեամբ Շօշափելի Յառաջընթաց Կայ Եւ Վճռորոշ 2 Շաբթուան Առջեւ Կը Գտնուինք»

Քաաց. «Գործարքի Կնքման Ուղղութեամբ Շօշափելի Յառաջընթաց Կայ Եւ Վճռորոշ 2 Շաբթուան Առջեւ Կը Գտնուինք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «(Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման) Գործարքի կնքման ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ այժմ վճռորոշ երկու շաբթուան առջեւ կը գտնուինք»: Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետարանէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ ճամբորդելէ ժամեր առաջ որոշեց գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն պարտականութիւնը ունեցող խումբին հետ խորհրդակցութիւններ կատարել»:

Նեթանիահու Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Պայտընի Հետ

Նեթանիահու Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Պայտընի Հետ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 23 յուլիսին հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը` յղում կատարելով Նեթանիահուի գրասենեակին: Նեթանիահու այսօր երեկոյեան պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, իսկ յաջորդ օրը նախատեսուած է Պայտընի հետ հանդիպումը: Ըստ հրապարակումին, Նեթանիահու աւելի կանուխ հանդիպում պիտի ունենար Պայտընի հետ, սակայն այցելութիւնը կրնայ յետաձգուած ըլլալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահի «Քորոնա»...

Էրտողան. «Կիպրոսի Մէջ Դաշնակցային Լուծումը Այլեւս Կարելի Չէ»

Էրտողան. «Կիպրոսի Մէջ Դաշնակցային Լուծումը Այլեւս Կարելի Չէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր այցելեց Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային հատուած` թրքական բանակի հիւսիսային Կիպրոս ներխուժման 50-ամեակին առիթով: Էրտողան յայտարարեց, որ կղզիի ապագային շուրջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ բանակցութիւնները շարունակելու որեւէ օգուտ չի տեսներ: «Բանակցութիւնները տարիներ առաջ Զուիցերիոյ մէջ մեր ձգած կէտէն շարունակելու մասին որեւէ կողմի խօսքը անօգուտ է», ըսաւ ան: 2017-ին Զուիցերիոյ Քրասն-Մոթանայի մէջ Կիպրոսի ապագային վերաբերեալ խաղաղութեան բանակցութիւններու փուլը...

Շոլց. «2024-ը Հարաւային Կովկասի  Խաղաղութեան Համար Շատ Կարեւոր Է»

Շոլց. «2024-ը Հարաւային Կովկասի Խաղաղութեան Համար Շատ Կարեւոր Է»

Եւրոպան պիտի աջակցի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղութեան հաստատման ուղիին վրայ. 2024-ը շատ կարեւոր է շրջանի խաղաղութեան համար: Այս մասին ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց` անդրադառնալով Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն: «Ինծի համար կարեւոր էր զրուցել Հայաստանի վարչապետ պարոն Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ պարոն Ալիեւի հետ: Այս տարին շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի համար:...

Զելենսքիի Հետ Զրոյցի Ընթացքին.  Թրամփ. «Ընտրուելու Պարագային Պիտի Լուծեմ  Ուքրանիոյ Տագնապը Եւ Համաշխարհային  Խաղաղութիւն Պիտի Բերեմ»

Զելենսքիի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. Թրամփ. «Ընտրուելու Պարագային Պիտի Լուծեմ Ուքրանիոյ Տագնապը Եւ Համաշխարհային Խաղաղութիւն Պիտի Բերեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ 19 յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Թրամփ: Թրամփի համաձայն, ան Զելենսքիի հետ ունեցած է շատ լաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահը շնորհաւորած է զինք Միլուաքիի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի յաջող...

Զօր. Ռայտըր. «Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ  Վրաստանի Հետ Զինուորական Համագործակցութիւնը,  Հակառակ Միացեալ Ռազմափորձերու Յետաձգման»

Զօր. Ռայտըր. «Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Վրաստանի Հետ Զինուորական Համագործակցութիւնը, Հակառակ Միացեալ Ռազմափորձերու Յետաձգման»

Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Վրաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը, հակառակ «Արժանի գործընկեր 2024» միացեալ ռազմափորձերու յետաձգման: «Մենք պիտի շարունակենք համագործակցիլ Վրաստանի զինեալ ուժերուն հետ եւ ուղիներ որոնել անոր գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար: Վրաստան կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, եւ մենք պիտի շարունակենք կեդրոնանալ ատոր վրայ», ըսած է զօր. Ռայտըր: Փենթակոն 5 յուլիսին յայտարարած էր Վրաստանի հետ միացեալ ռազմափորձերը...

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի.  Էրտողան Եւ Ասատ Յառաջիկայ 2-3 Ամսուան  Ընթացքին Կրնան Երրորդ Երկրի Մէջ Հանդիպիլ

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Էրտողան Եւ Ասատ Յառաջիկայ 2-3 Ամսուան Ընթացքին Կրնան Երրորդ Երկրի Մէջ Հանդիպիլ

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Պաշշար Ասատը յառաջիկայ երկու-երեք ամսուան ընթացքին կրնան երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլ` քննարկելու համար իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրին: Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ սեպտեմբեր 2023-ին պէտք էր տեղի ունենար Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հետախուզութիւններու պետերուն հանդիպումը, սակայն Դամասկոսի յառաջ քաշած...

Թրամփ. «Եմ Փամփուշտ Ստացայ  Իմ Վրաս Յանուն Ժողովրդավարութեան»

Թրամփ. «Եմ Փամփուշտ Ստացայ Իմ Վրաս Յանուն Ժողովրդավարութեան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ նախընտրական հանրահաւաքի ժամանակ իր դէմ մահափորձէն ետք առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցած է: Թրամփ ըսած է, որ ինք չի կրնար սպառնալիք ըլլալ ժողովրդավարութեան համար, ինչպէս կը պնդեն անոր քննադատները: «Անցեալ շաբաթ ես փամփուշտ ստացայ իմ վրաս յանուն ժողովրդավարութեան», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը:

Հուսիները Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածեցին Թել Աւիւը Եւ Զայն Անապահով Շրջան Յայտարարեցին

Հուսիները Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածեցին Թել Աւիւը Եւ Զայն Անապահով Շրջան Յայտարարեցին

Հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Եմէնի զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքով հարուածած են Թել Աւիւը. բեկորները ինկած են Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան մօտ: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Արձանագրուած են զոհ մը եւ 10 վիրաւորներ: Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ յարձակումին համար իսրայէլացիներու կողմէ Թել Աւիւ կոչուող Եաֆա շրջանին մէջ թիրախներէն մէկը հարուածուած է «Եաֆա» տիպի անօդաչու թռչող սարքով,...

Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին Օդակայաններու,  Լրատուամիջոցներու Եւ Դրամատուներու  Աշխատանքին Մէջ Խանգարումներ

Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին Օդակայաններու, Լրատուամիջոցներու Եւ Դրամատուներու Աշխատանքին Մէջ Խանգարումներ

Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններու աշխատանքին մէջ համաշխարհային խափանումներ տեղի ունեցած են «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան «Ուինտոզ» համակարգի խանգարման պատճառով: Այս մասին հաղորդեցին «Ռոյթըրզ»-ը, «Ֆորպզ»-ը, «Տի Էքոնոմիք Թայմզ»-ն ու «Սի.Էն.Էն.»-ը: Ամերիկեան մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւնները յայտարարած են խանգարումին պատճառով թռիչքներու դադրեցման մասին: «Թըրքիշ Էրլայնզ» նոյնպէս յայտնած է խանգարումի մասին, որ տոմսերու ամրագրման եւ արձանագրման առնչուած խնդիրներ յառաջացուցած է:...

«Ներկայ Վարչակազմին Ստեղծած Միջազգային  Տագնապներուն Վերջ Պիտի Տամ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ներկայ Վարչակազմին Ստեղծած Միջազգային Տագնապներուն Վերջ Պիտի Տամ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի աւարտին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այսօր ձեր դիմաց կը կանգնիմ` վստահութեան, ուժի եւ յոյսի պատգամով, եւ 4 ամիս ետք միասնաբար 4 հոյակապ տարիներ պիտի սկսինք»: «Բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը պիտի ըլլամ եւ պատիւով կ՛ընդունիմ նախագահի ընտրութեան թեկնածուի առաջադրումս», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Կը գնահատեմ անցեալ շաբաթ օր...

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու  Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ,  Որուն Կ՛ընտրէ Ամերիկացի Ժողովուրդը»

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ, Որուն Կ՛ընտրէ Ամերիկացի Ժողովուրդը»

Ռուսիան պատրաստ պիտի ըլլայ աշխատելու Միացեալ Նահանգներու ոեւէ նախագահի հետ, որուն պիտի ընտրէ ամերիկացի ժողովուրդը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել` մենք պիտի աշխատինք, պատրաստ պիտի ըլլանք աշխատելու ոեւէ ամերիկացի ղեկավարի հետ, որուն պիտի ընտրէ ամերիկացի ժողովուրդը, եւ որ, պատրաստ պիտի ըլլայ իրաւահաւասար, փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան»,...

Միշել Մերժած Է Օրպանի Խաղաղութեան  Առաջարկները

Միշել Մերժած Է Օրպանի Խաղաղութեան Առաջարկները

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել պատասխան նամակ մը յղած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին` նշելով, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը միջազգային հարթակի վրայ չի ներկայացներ Եւրոպական Միութիւնը, իսկ Հունգարիան համապատասխան լիազօրութիւն չէ ստացած Եւրոպական խորհուրդին կողմէ: Միշել 16 յուլիսին գրուած եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Քարընթ Թայմ»-ի տրամադրութեան տակ յայտնուած նամակին մէջ հաշուի կ՛առնէ Հունգարիոյ վարչապետին կարծիքներն ու առաջարկները, սակայն միեւնոյն...

Page 145 of 882 1 … 144 145 146 … 882

Արխիւներ