Միասնութիւնը մեր գլխաւոր նպատակն է: Հիմա միասնութենէն աւելի կարեւոր բան չկայ: Այս պահուս կրակողի դրդապատճառներուն մասին տեղեկութիւն չունինք: Մենք գիտենք, թէ ան ով է: Բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ` զերծ մնալու անոր շարժառիթներուն կամ կապերուն մասին շահարկումներէն: Այս մասին յատուկ ուղերձի մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Երէկ երեկոյեան ես խօսեցայ Տանըլտ Թրամփի հետ: Ես իսկապէս ուրախ եմ, որ ան ինքզինք լաւ կը զգայ եւ կ՛ապաքինի:
«Մեր զրոյցը կարճ էր, սակայն լաւ: Ես եւ Ճիլը կ՛աղօթենք անոր եւ անոր ընտանիքին համար: Մենք նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք միջադէպին ժամանակ զոհուածի ընտանիքին: Ան հայր է, որ արձակուած փամփուշտներէն իր ընտանիքը պաշտպանելով կորսնցուցած է իր կեանքը:
«Ինչպէս երէկ երեկոյեան ըսի, Ամերիկայի մէջ այս տեսակի բռնութեան կամ որեւէ բռնութեան համար տեղ չկայ: Սպանութեան փորձը կը հակասէ այն ամէնին, ինչ որ մենք, մենք իբրեւ ազգ, կը պաշտպանենք:
«Միասնութիւնը մեր գլխաւոր նպատակն է: Հիմա միասնութենէն աւելի կարեւոր բան չկայ:
«Մենք պիտի վիճինք եւ պիտի չհամաձայնինք իրարու հետ: Ասիկա պիտի չփոխուի: Սակայն մենք չենք մոռնար, թէ իբրեւ ամերիկացիներ մենք ովքեր ենք:
«Այս պահուս կրակողի դրդապատճառներուն մասին տեղեկութիւն չունինք: Մենք գիտենք, թէ ան ո՛վ է: Բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ զերծ մնալու անոր շարժառիթներուն կամ կապերուն մասին շահարկումներէն:
«Քանի տակաւին հետաքննութիւնը կը շարունակուի, ահա թէ ի՛նչ պիտի ընենք: Նախ, պարոն Թրամփը, իբրեւ նախկին նախագահ եւ հանրապետականներու թեկնածու, արդէն կ՛օգտուի անվտանգութեան բարձրացուած մակարդակէն:
«Ես նաեւ Գաղտնի ծառայութեան յանձնարարած եմ վերատեսութեան ենթարկել բոլոր անվտանգութեան քայլերը հանրապետականներու համագումարին համար, որ պիտի սկսի վաղը: Եւ երրորդ` ես յանձնարարած եմ երէկուան հանրահաւաքի անկախ ուսումնասիրութիւնը` յստակօրէն բացայայտելու, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Ատոր արդիւնքները եւս կը ներկայացնենք ամերիկացի ժողովուրդին»:
Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու «քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ է ջերմաստիճանի նուազեցում»: «Մենք ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրենք ատոր համար», ընդգծած է ան` աւելցնելով. «Տարակարծութիւնը անխուսափելի է, անիկա մարդոց էութեան մէկ մասն է: Սակայն քաղաքականութիւնը պէտք չէ դառնայ մարտադաշտ, առաւել եւս սպանդանոց»:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ նման բռնութիւնը դառնայ կանոն», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Անոր համաձայն, քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ «խաղաղ բանավէճի ասպարէզ` պաշտպանելով արդարութիւնը եւ որոշումներ տալով յանուն ժողովրդավարութեան ու անկախութեան»: Պայտըն նշած է, որ «երկրին մէջ քաղաքական հռետորաբանութիւնը թէժացած է»: «Զայն պէտք է սառեցնել», ընդգծած է ան:
Բացի ատկէ, ան թուարկած է ամերիկացի օրէնսդիրներու վրայ յարձակումներու դէպքերը, Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսիի ամուսինին դէմ մահափորձը, ընտրական պաշտօնեաներուն ուղղուած սպառնալիքները եւ Միչիկընի նահանգապետ Կրեչըն Ուիթմըրի առեւանգման դաւադրութիւնը: Դեմոկրատականները յաճախ այդ բոլոր դրուագները կը դիտարկեն Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական պայքարի ծիրին մէջ` անոնց պատասխանատուութիւնը դնելով հանրապետականներուն վրայ:


