Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Մեր Զինուորական Միջամտութիւնը Մօտեցաւ Իր Աւարտին»

July 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը մօտեցած է իր աւարտին` նշելով. «Շատ շուտով հիւսիսային Իրաքի մէջ գործողութիւններու շրջանի փակում պիտի իրագործենք»: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

«Պիտի ամբողջացնենք Սուրիոյ մէջ մեր հարաւային սահմանի երկայնքին ապահովական գօտիին մէջ առկախ կէտերը», աւելցուց Էրտողան` նշելով միաժամանակ, որ վճռական է «ոչնչացնելու որեւէ ենթակառոյց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին Թուրքիոյ սպառնալիք կը ներկայացնէ»:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ զինուորական ակադեմիայէն շրջանաւարտներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ «անջատողական կազմակերպութիւնը»` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը «անկարող է մեր սահմաններուն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ շարժելու, եւ ամբողջութեամբ պաշարուած է»:

Սուրիա. «Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Մերձեցման Հիմնաքարը
2011-
ը Նախորդող Կացութեան Վերականգնումն Է»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիան միշտ նախանձախնդիր եղած է ժողովուրդներուն եւ կառավարութիւններու Սուրիոյ վնաս հասցուցած քաղաքականութեան ու վարմունքին միջեւ զատորոշելու` նշելով. «Թուրքիոյ հետ բնական յարաբերութիւններու վերականգնումը պէտք է հիմնուած ըլլայ յստակ հիմքերու վրայ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ այն պահուն, երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարուին, Սուրիան կը շարունակէ մեկնիլ այն ամուր համոզումէն, որ պետութիւններու շահերը կը կառուցուին անոնց միջեւ առողջ յարաբերութիւններու վրայ եւ ոչ թէ ճակատումի կամ թշնամութեան վրայ, եւ այդ հիմամբ ալ «Սուրիան նախանձախնդիր եղաւ լրջութեամբ ընկալելու տարբեր նախաձեռնութիւնները, որոնք կատարուեցաւ իր եւ այդ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար»:

Նախարարութիւնը յիշեցուց, որ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն հիմքը գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան յարգումն է, իր անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ որեւէ սպառնալիքի դիմակայումն է, եւ երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն շահերուն կը ծառայէ:

Նախարարութիւնը ըսաւ, որ Սուրիան իր շնորհակալութիւնն ու գնահատականը կը յայտնէ եղբայրական ու բարեկամական երկիրներուն, որոնք թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները սրբագրելու անկեղծ ջանքեր թափեցին, «սակայն երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու վերականգնումը հիմնուած է այն կացութեան վրայ, որ գոյութիւն ունէր 2011 թուականէն առաջ, եւ այդ է երկու երկիրներու անվտանգութեան, ապահովութեան ու կայունութեան հիմքը»:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյն ուրբաթ երեկոյեան Ուաշինկթընէն յայտնած էր, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հետ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է Պաղտատի մէջ երկու երկիրներէն պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպումի շուրջ` աւելցնելով, որ հանդիպումի թուականը իր Պաղտատ վերադարձէն ետք պիտի ճշդուի:

Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանին ցուցմունք տուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպելու` «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը սկսելու համար»:

Նախորդը

Փեզեշքիան. «Թեհրան Առաջնահերթութիւն Պիտի Տայ Դրացիներու Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Պատերազմը Պիտի Աւարտի Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Իսրայէլը Հասնի Իր Բոլոր Նպատակներուն, Ներառեալ Հիւսիսի Բնակիչներու Տունդարձը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.