Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Պատերազմը Պիտի Աւարտի Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Իսրայէլը Հասնի Իր Բոլոր Նպատակներուն, Ներառեալ Հիւսիսի Բնակիչներու Տունդարձը»

Յուլիս 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատերազմը պիտի աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ  Իսրայէլ հասնի իր նպատակներուն, ըստ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ի յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` աւելցնելով, որ այդ նպատակները կը ներառեն հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն տունդարձը:

Ըստ Նեթանիահուի, բոլոր նպատակներուն հասնիլը «լիակատար յաղթանակ պիտի բերէ եւ պիտի վերականգնէ Իսրայէլի զսպման ներուժը»:

Ան աւելցուցած է, որ վերջին շաբաթներուն, իսրայէլեան զինուորական ճնշումին պատճառով «Համասի շարքերուն մէջ ճեղքեր կը նկատուին: Համասի հրամանատարները թաքնուած են եւ կապ չունին իրենց ուժերուն հետ», ըսած է Իսրայէլի վարչապետը:

Ան նաեւ նշած է, որ Կազայի բնակիչները, որոնցմէ շատերը Համասին կ՛աջակցին, տեղեակ են, թէ շարժումը ի՛նչ աղէտ բերած է իրենց: «Ահաբեկիչները պիտի հարուածենք աննախադէպ ուժով, մինչեւ զանոնք ամբողջութեամբ ոչնչացնելը», նշած է Նեթանիահու:

Ան նաեւ նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի մէջ յառաջ կը շարժին, մասնաւորաբար Ռաֆահի եւ Ֆիլատելֆիա միջանցքին մէջ:

Անդրադառնալով  իսրայէլացի 120 գերիներուն` Նեթանիահու յայտարարած է, որ Իսրայէլ նախ եւ առաջ կը մտածէ անոնց մասին, եւ որ երկիրը բոլորը տուն վերադարձնելու բարոյական պարտաւորութիւնը ստանձնած է:

Հեգնելով անանուն աղբիւրներուն մեկնաբանութիւնները` Նեթանիահու պարծեցած է իր «սկզբունքայնութեամբ»: «Ես պայմաններ չեմ դներ: Եւ չեմ ջնջեր պայմանները: Սակայն ես նաեւ չեմ արտօներ, որ Համաս նոյնիսկ մէկ միլլիմեթր տեղէն շարժի», նշած է ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ցուցմունք տուած է մարտական բոլոր ճակատներուն վրայ մարտական պատրաստուածութեան վիճակը բարձրացնելու:

Համասէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ պաղեստինեան շարժումը որոշած է դադրեցնել Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները` դատապարտելով «բռնագրաւումին անլրջութիւնն» ու «անզէն քաղաքայիններու դէմ ջարդեր գործելը»:

Ան ԱՖՓ-ին յայտնած է, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ միջնորդներուն եւ կարգ մը շրջանային կողմերու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ճամբով յայտնած է, որ Համաս որոշած է դադրեցնել բանակցութիւնները, «բռնագրաւումի անլրջութեան, ձգձգումի քաղաքականութեան, շարունակուող խոչընդոտման եւ անզէն քաղաքայիններու դէմ ջարդեր գործադրելուն պատճառով»:

Ան նշեց, որ Համասի զինեալ թեւին` Քասսամի փաղանգներու հրամանատարներէն Մոհամետ Տէյֆը շաբաթ օր Կազայի մէջ իսրայէլեան օդային յարձակումով մահափորձի ենթարկուելէն ետք «ապահով է» եւ «ուղղակի կերպով կը վերահսկէ Քասսամի եւ Դիմադրութեան գործողութիւններուն»:

Սակայն Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզաթ Ռաշք աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ԱՖՓ-ի հրապարակած լուրը ճիշդ չէ:

Նախորդը

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Մեր Զինուորական Միջամտութիւնը Մօտեցաւ Իր Աւարտին»

Յաջորդը

Թրամփ Մահափորձի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?