Եւրոպան պիտի աջակցի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղութեան հաստատման ուղիին վրայ. 2024-ը շատ կարեւոր է շրջանի խաղաղութեան համար: Այս մասին ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց` անդրադառնալով Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն:
«Ինծի համար կարեւոր էր զրուցել Հայաստանի վարչապետ պարոն Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ պարոն Ալիեւի հետ: Այս տարին շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի համար:
«Ասիկա կրնայ խաղաղութեան տարի ըլլալ, եթէ երկու կողմերն ալ իրարու ընդառաջ հետագայ վճռական եւ համարձակ քայլերուն ձեռնարկեն:
«Եւրոպան, ընդհանուր առմամբ, պիտի ուղեկցի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին իրարու հետ խաղաղութիւն հաստատելու ճամբուն, որ երկար պիտի տեւէ եւ ամուր համագործակցութիւն պիտի ապահովէ այս երկու երկիրներուն միջեւ», աւելցուցած է ան: