Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ 19 յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Թրամփ:
Թրամփի համաձայն, ան Զելենսքիի հետ ունեցած է շատ լաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահը շնորհաւորած է զինք Միլուաքիի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի յաջող կայացման համար եւ դատապարտած իր դէմ կատարուած մահափորձը:
«Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահ` ես համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերեմ եւ վերջ պիտի տամ պատերազմին, որ խլած է այսքան շատ կեանքեր եւ աւերած անթիւ անմեղ ընտանիքներ: Կողմերն ալ կրնան հաւաքուիլ եւ բանակցիլ համաձայնագիրի շուրջ, որ վերջ պիտի դնէ բռնութեան եւ ճամբայ պիտի հարթէ դէպի բարգաւաճում», ըսած է Թրամփ:
Զելենսքի, իր կարգին, «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ Թրամփի հետ համաձայնած է յառաջիկային հանդիպիլ` խաղաղութեան ուղղուած որոշակի քայլերու քննարկման համար:
Թրամփ բազմիցս յայտարարած է, որ 2024-ի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրելու պարագային մտադիր է արագ լուծել ուքրանական տագնապը: Ան 27 յունիսին Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտընի հետ նախընտրական բանավէճի ընթացքին խոստացած էր, որ վերընտրուելու պարագային պիտի կարենայ տագնապին վերջ դնել` նախքան 20 յունուար 2025-ին իր պաշտօնը ստանձնելը: