Միջազգային

Ըստ Իսրայէլեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին.  Մոհամետ Տահլանը Նկատի Առնուած Է Իբրեւ  Պատերազմէն Ետք Կազան Ղեկավարելու Թեկնածու

Ըստ Իսրայէլեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին. Մոհամետ Տահլանը Նկատի Առնուած Է Իբրեւ Պատերազմէն Ետք Կազան Ղեկավարելու Թեկնածու

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պաղեստինի անվտանգութեան նախկին ղեկավար Մոհամետ Տահլան նկատի առնուած է իբրեւ պատերազմէն ետք Կազայի ղեկավարումը ստանձնելու հաւանական թեկնածու: Անոր մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ ան փակ զրոյցներու ընթացքին բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ այդ գաղափարին: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ կարգ մը քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով` կը փնտռուի քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որ կրնայ Կազայի մէջ անվտանգութիւնը...

Միլլըր. «Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Վերատեսութիւնը Կը Շարունակուի»

Միլլըր. «Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Վերատեսութիւնը Կը Շարունակուի»

Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերատեսութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: Անոր համաձայն, ամերիկեան իշխանութիւնները որոշումները կու տան` «մեկնելով այն քաղաքականութենէն, որ կը վարէ Վրաստանի կառավարութիւնը»: «Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերատեսութեան մասին առաջինը յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարը: Ինքնին ան էր, որ գործադրեց առաջին սահմանափակումներն ու պատժամիջոցները», յիշեցուց Միլլըր: Յարաբերութիւններու վերատեսութեան պատճառ դարձաւ «Օտարերկրեայ գործակալներու...

Նեթանիահու. «Համասին Վրայ Ամբողջական Յաղթանակէն Նուազ Պիտի Չընդունինք, Եւ Հիւսիսի Անվտանգութեան Վերականգնման Համար Պէտք Եղածը Պիտի Ընենք»

Նեթանիահու. «Համասին Վրայ Ամբողջական Յաղթանակէն Նուազ Պիտի Չընդունինք, Եւ Հիւսիսի Անվտանգութեան Վերականգնման Համար Պէտք Եղածը Պիտի Ընենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մենք բարբարոսութեան եւ քաղաքակրթութեան միջեւ տագնապին մէջ պատմական խաչմերուկի վրայ ենք»` աւելցնելով. «Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է կողք- կողքի կանգնին, որպէսզի քաղաքակրթութիւնը յաղթէ»: «Անհամբեր կը սպասեմ Միջին Արեւելքի մէջ նոր դաշինքի մը, որ «Աբրահամի համաձայնութիւններու» շարունակութիւնը կ՛ըլլայ», ըսաւ Նեթանիահու: «Իսրայէլի դէմ ցոյց կատարողներէն շատեր որոշեցին չարիքին եւ...

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.  Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Գոյացումը «Վերջին Փուլերուն» Մէջ Է

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Գոյացումը «Վերջին Փուլերուն» Մէջ Է

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց «վերջին փուլերու մէջ»: Ամերիկացի պաշտօնատարը, որ խնդրած է անանուն մնալ, ըսած է. «Կը կարծենք, որ հարցերը հասած են իրենց վերջին փուլերուն, եւ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել»: «Գոյութիւն ունին ցուցանիշներ, թէ զինադադարի գործարքի շրջագիծը կայ, եւ աշխատանք...

Ֆիտան. «Անվտանգութեան, Ահաբեկչութեան  Եւ Գաղթականներու Տունդարձի Հարցերու Մէջ  Պէտք Է Դամասկոսի Հետ Գործակցիլ»

Ֆիտան. «Անվտանգութեան, Ահաբեկչութեան Եւ Գաղթականներու Տունդարձի Հարցերու Մէջ Պէտք Է Դամասկոսի Հետ Գործակցիլ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Սահմաններու անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ գաղթականներու տունդարձի նման թղթածրարներուն մէջ կան քայլեր, որոնք Թուրքիան պէտք է առնէ` գործակցութեամբ Սուրիոյ կառավարութեան»: Ան նշեց, որ Անգարա կ՛ուզէ «Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել շրջանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրինակով»: «Մեր նախագահը բարձրագոյն մակարդակով յայտարարեց այդ առնչութեամբ մեր քաղաքականութիւնը: Մենք պատրաստ ենք բոլոր մակարդակներուն վրայ, ներառեալ...

Ասատի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Միջին Արեւելքի, Ներառեալ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Դէպի Մագլցում Կ՛ուղղուի»  Կ՛ըսէ Փութին

Ասատի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Միջին Արեւելքի, Ներառեալ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Դէպի Մագլցում Կ՛ուղղուի» Կ՛ըսէ Փութին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անակնկալ այցելութեամբ հասաւ Մոսկուա, ուր չորեքշաբթի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Փութին Ասատի հետ հանդիպումի սկիզբը յայտնեց. «Երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանին մէջ կացութիւնը պիտի քննարկենք»` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի, նաեւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի մագլցում կ՛ուղղուի»: «Կը յուսանք Ասատի հետ քննարկել Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին բազմաթիւ հարցումներ...

Թրամփ. «Հարիս Անմիտ Ձախակողմեան Ծայրայեղական Մըն Է, Որ Պիտի Քանդէ Մեր Երկիրը»

Թրամփ. «Հարիս Անմիտ Ձախակողմեան Ծայրայեղական Մըն Է, Որ Պիտի Քանդէ Մեր Երկիրը»

Հանրապետական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսը «անմիտ ձախակողմեան ծայրայեղական» որակեց: Թրամփ նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն հեռանալով փոխնախագահ Քամալա Հարիսի թեկնածութեան զօրակցելէն ետք իր առաջին ընտրական հաւաքի ընթացքին յայտնեց, որ Հարիս «անմիտ ձախակողմեան ծայրայեղական մըն է, որ պիտի քանդէ մեր երկիրը», եւ զինք որակեց «ծայրայեղական ազատական մղումի ուժ մը, որ Պայտընի բոլոր...

Այսօր Պայտըն-Նեթանիահու Հանդիպում

Այսօր Պայտըն-Նեթանիահու Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը: «Հինգշաբթի, 25 յուլիսի ցերեկը, նախագահը երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենայ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ», յայտնած է Սպիտակ տունը: Սպիտակ տունը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Նեթանիահու այսօր անջատաբար հանդիպում պիտի ունենայ Պայտընի եւ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի հետ: Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ...

«Պրիքս»-ի Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Անվտանգութեան Բնագաւառին Մէջ Նոր Սպառնալիքներուն»   Կ՛ըսէ Փեքին

Չինաստան. «Կը Զօրակցինք Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքին»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պաղեստինեան դատը Միջին Արեւելքի մէջ խնդիրներու խորքն է, եւ մենք կը զօրակցինք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Պիտի շարունակենք Ուքրանիայէն հացահատիկի ներածումներու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանինք գումակային հեզասահ խողովակներու պահպանման վրայ»: «Կը զօրակցինք Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան առաջնորդող ջանքերուն եւ կը հաւատանք տագնապներու բանակցութիւններու ճամբով լուծման», յայտարարեց նախարարութիւնը: «Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը Կուանճուի...

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

Քիեւ Կը Յայտարարէ, Որ Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Բանակցելու

Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա: «Ուքրանական կողմը պատրաստ է երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ կատարելու ռուսական կողմին հետ, ի հարկէ, բանակցութիւնները պէտք է ըլլան ողջամիտ եւ ունենան գործնական նշանակութիւն` ուղղուած արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելուն», ըսած է...

Պաղեստինեան 14 Խմբաւորումներ  Համաձայնութիւն Գոյացնելով  «Փեքինի Հռչակագիր»-ը Ստորագրեցին

Պաղեստինեան 14 Խմբաւորումներ Համաձայնութիւն Գոյացնելով «Փեքինի Հռչակագիր»-ը Ստորագրեցին

Պաղեստինեան 14 խմբաւորումներ Չինաստանի հրաւէրով մայրաքաղաք Փեքինի մէջ իրենց երկօրեայ ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են հասնելու «ազգային համապարփակ միասնութեան», որ բոլոր ուժերը կը ներառէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ գոյացնելու ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը: Անոնք յանձնառութիւն յայտնեցին ՄԱԿ-ի որոշումներուն համահունչ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծման ու ՄԱԿ-ի թիւ 194 որոշումի համահունչ տունդարձի երաշխաւորման...

Ուաշինկթըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Բանակցութեան Մէջ Տարակարծութիւնները  Մեծապէս Սահմանափակեցինք, Եւ Կարգ Մը  Չլուծուած Հարցեր Ունինք»

Ուաշինկթըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Բանակցութեան Մէջ Տարակարծութիւնները Մեծապէս Սահմանափակեցինք, Եւ Կարգ Մը Չլուծուած Հարցեր Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ տարակարծութիւնները մեծապէս սահմանափակեցինք, եւ կարգ մը չլուծուած հարցեր ունինք»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին Ուաշինկթընի մէջ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ընտրական կեդրոնին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ անոր կինը երէկ գիշեր հանդիպում...

Եւրոպական Միութիւնը Հունգարիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Վեհաժողովը Ջնջելով Պելճիքա Տեղափոխեց

Եւրոպական Միութիւնը Հունգարիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Վեհաժողովը Ջնջելով Պելճիքա Տեղափոխեց

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովը, որ Հունգարիոյ մէջ նախատեսուած էր, պիտի տեղափոխուի Պելճիքա: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: Ան ընդգծած է, որ քայլը բողոքի նշան է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի` վերջերս Ռուսիա եւ Չինաստան կատարած այցելութեան ու ընդհանրապէս անոր ռուսամէտ քաղաքականութեան դէմ: Եւրոպական Միութեան անդամ...

Քրեմլին. «Ռուսիան Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան  Եւ Սուրիան Իրենց Յարաբերութիւնները  Կարգաւորեն»

Քրեմլին. «Ռուսիան Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Եւ Սուրիան Իրենց Յարաբերութիւնները Կարգաւորեն»

Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիան կ՛ուզէ, որ Թուրքիան եւ Սուրիան իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորեն: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Քրեմլին այս մասին յայտարարած է` մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան: Ասատ այս ամիս յայտնեց, որ Էրտողանի հետ հանդիպում պիտի ունենայ այն ժամանակ միայն, երբ երկու երկիրները պիտի կարենան կեդրոնանալ...

Հարիս Կը Խոստանայ Պարտութեան  Մատնել Թրամփը

Հարիս Կը Խոստանայ Պարտութեան Մատնել Թրամփը

«Սի.Էն.Էն.»-ն ու ամերիկեան այլ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս նախագահական ընտրութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու նշանակուելու համար դեմոկրատական պատգամաւորներու քուէներու բաւարար թիւ ապահոված է: Ան 4000 պատգամաւորներէն 1976-ին աջակցութեան կարիքը ունի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու համար: Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, Հարիս այդ թիւէն աւելին ապահոված է: «Հպարտ եմ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու համար բաւարար աջակցութիւն ապահովելուս համար», ըսաւ Հարիս:...

Մոսկուա. «Ռուսիան Եւ Իրանը Աւարտեցին  Պատրաստութիւնը Իրենց Միջեւ Համապարփակ  Գործակցութեան Համաձայնութեան, Որուն Պատմական  Ստորագրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Օրէն»

Մոսկուա. «Ռուսիան Եւ Իրանը Աւարտեցին Պատրաստութիւնը Իրենց Միջեւ Համապարփակ Գործակցութեան Համաձայնութեան, Որուն Պատմական Ստորագրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Օրէն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ երէկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչները աւարտած են համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը. «պատմական ստորագրութիւնը» տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն: Այս մասին հաղորդեց «Իզվեսթիա»-ն: «Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու իրաւական եւ տարածքային գերատեսչութիւններու փորձագէտներու շատ արդիւնաւէտ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, որոնք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են 21 յունիսին, կարելի եղաւ վերջնական տեսքի բերել համաձայնագիրի...

Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարներ Ալեքսանտր Կրուշքօ եւ Սամիր Շարիֆով քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: «Կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի եւ դրացի շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը: Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի հետ կապուած խնդիրներու, ԵԱՀԿ-ի մէջ տիրող կացութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի շրջանային...

Իսրայէլի Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով  Որդեգրեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւն Նկատող Որոշումը

Իսրայէլի Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով Որդեգրեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Որոշումը

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը առաջին ընթերցումով 50 թեր եւ 10 դէմ քուէներով վաւերացուց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող օրինագիծը: 29 մայիսին Քնեսեթը արդէն նախնական ընթերցումով որդեգրած էր Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան անդամ Եուլիա Միլինովսքիի կողմէ ներկայացուած օրինագիծը, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կ՛որակէ եւ զայն կը զրկէ անձեռնմխելիութենէ եւ անոր տրուած արտօնութիւններէն: Օրինագիծը ուժի մէջ մտնելու համար պէտք է (մէկ նիստի ընթացքին)...

Ուաշինկթըն Մեկնելուն Նախօրեակին.  «Պայտընին Շնորհակալութիւն Պիտի Յայտնեմ  Իսրայէլի Համար Կատարածին Համար, Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Պիտի Քննարկենք»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Ուաշինկթըն Մեկնելուն Նախօրեակին. «Պայտընին Շնորհակալութիւն Պիտի Յայտնեմ Իսրայէլի Համար Կատարածին Համար, Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Պիտի Քննարկենք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթըն մեկնելուն նախօրեակին յայտարարեց. «Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն դաշնակիցն է, անկախ անկէ, թէ ո՛վ (Միացեալ Նահանգներու) նախագահ պիտի ընտրուի»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ Իսրայէլի օգտին իր բոլոր կատարածներուն համար, եւ գերիներու ազատ արձակումն ու յաղթանակի իրագործումը պիտի քննարկենք», ըսաւ ան: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Նեթանիահու Ուաշինկթըն...

Քամալա Հարիս Պատրաստ Է Պաշտօնապէս  Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուելու

Քամալա Հարիս Պատրաստ Է Պաշտօնապէս Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուելու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտարարեց, որ մտադիր է պաշտօնապէս առաջադրուիլ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ եւ նոյեմբեր 2024-ի նախագահական ընտրութեան յաղթել հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփին: Գործող նախագահ Ճօ Պայտըն, որ դուրս եկաւ ընտրապայքարէն, յորդորած էր Քամալա Հարիսը առաջադրել իբրեւ նախագահի թեկնածու: «Ես ինձմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընեմ` միաւորելու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ միաւորելու մեր երկիրը` Տանըլտ Թրամփին յաղթելու համար», ըսաւ Հարիս:...

Page 144 of 882 1 … 143 144 145 … 882

Արխիւներ