Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, կարելի չէ ընդունիլ, եւ կը զօրակցինք Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումի գործադրութեան»:
«Ներկայիս Իսրայէլի հետ գործակցութիւնը ներկայ կացութեան լոյսին տակ չենք կրնար բնական կերպով շարունակել», յայտարարեց Պորել:
«Իսրայէլ կրնայ պատմութիւնը իր ուզած ձեւով մեկնաբանել, սակայն միջազգային օրէնքի յարգումը պարտաւորիչ է, եւ Եւրոպական Միութեան մէջ պիտի դիտարկենք զայն գործադրելու կարելիութիւնը», ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատարը:
Ան յայտնեց, որ Կազայի աւերակներուն վերացումը 10 տարի պիտի տեւէ:


