Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քացի` Թուրքիան պաղեստինեան Համաս շարժումին «զէնքերու եւ գումարներու ապահովման» մեղսակցութեամբ ամբաստանելէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի «սուտերն» եւ «անյարգելից վերաբերմունքը»:
«Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը սուտերով եւ զրպարտութիւններով կ՛ուզէ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի ոճիրները թաքցնել», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Իսրայէլեան կեղտոտ քարոզչութիւնն ու մեր երկրին ու նախագահին վրայ հոգեբանական ճնշումները որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենան», յայտնեց նախարարութիւնը:
«Ըստ Կազայի մէջ Համասի առողջապահութեան նախարարութեան, 7 հոկտեմբերին պատերազմը սկսելէն ի վեր շուրջ 40 հազար պաղեստինցիներ Կազայի մէջ սպաննուեցան իսրայէլեան բանակին ձեռքով», յիշեցուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «Համասին իսրայէլացիներ սպաննելու համար զէնքեր ու գումարներ ապահովելու» յանցանքով:
Քաց յայտարարեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններ վնասազերծած են «ահաբեկչական բջիջներ», որոնք «Թուրքիոյ մէջ Համասի կեդրոնատեղիէն» հրամաններ կը ստանային:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Նեթանիահուի կառավարութեան անդամները ամբաստանեց «իշխանութեան վրայ մնալու համար շրջանային պատերազմի շղթայազերծման ձգտելու» յանցանքով, եւ կոչ ուղղեց` «զանոնք միջազգային արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու»:


