Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Վրաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը, հակառակ «Արժանի գործընկեր 2024» միացեալ ռազմափորձերու յետաձգման:
«Մենք պիտի շարունակենք համագործակցիլ Վրաստանի զինեալ ուժերուն հետ եւ ուղիներ որոնել անոր գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար: Վրաստան կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, եւ մենք պիտի շարունակենք կեդրոնանալ ատոր վրայ», ըսած է զօր. Ռայտըր:
Փենթակոն 5 յուլիսին յայտարարած էր Վրաստանի հետ միացեալ ռազմափորձերը յետաձգելու մասին` երկկողմանի յարաբերութիւններու վերատեսութեան պատճառով: Թիֆլիս Ուաշինկթընն ու արեւմտեան միւս գործընկերները մեղադրած էր «Վրաստանի վրայ ճնշում գործադրելու յանցանքով` Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ բանալու համար»:
Իր արեւմտեան գործընկերներուն հետ Վրաստանի յարաբերութիւնները վատթարացած են 2024-ի գարնան, այսպէս կոչուած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքի որդեգրումէն ետք:
12 յուլիսին, Միացեալ Նահանգներ որոշ ժամանակով սառեցուցած են Վրաստանի տրամադրուող նոր օգնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գծով փոխղեկավար Ուզրա Զէյան Վրաստան այցելութեան ընթացքին բացատրած էր, որ այդ որոշումը որդեգրուած է վրացական իշխանութիւններու «հակաժողովրդավարական» քայլերուն լոյսին տակ: