Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Ռուսիան Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Եւ Սուրիան Իրենց Յարաբերութիւնները Կարգաւորեն»

Յուլիս 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիան կ՛ուզէ, որ Թուրքիան եւ Սուրիան իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորեն: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Քրեմլին այս մասին յայտարարած է` մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան:

Ասատ այս ամիս յայտնեց, որ Էրտողանի հետ հանդիպում պիտի ունենայ այն ժամանակ միայն, երբ երկու երկիրները պիտի կարենան կեդրոնանալ Անգարայի կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութեան ու սուրիական հողերէն թրքական ուժերու հեռացման հիմնական խնդիրներուն վրայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց. «Պէտք է սուրիական ընդդիմութեան կացութիւնն ու անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին ճակատագիրը քննարկել ՄԱԿ-ի որոշումներուն հիմամբ»:

Ֆիտան «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Կան քայլեր, որոնք պէտք է սուրիական պետութեան գործակցութեամբ որդեգրենք Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս` սահմաններու անվտանգութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ գաղթականներու անվտանգ տունդարձը»:

«Յառաջիկայ օգոստոսին պիտի այցելեմ Գահիրէ` Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի Անգարա այցելութիւնը նախապատրաստելու համար», ըսաւ ան` նշելով. «Պէտք է լուծել Լիպիոյ հետ իր սահմաններուն առնչուած Եգիպտոսի  մտավախութիւնը»:

«Արաբական պետութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւնները հասան հոյակապ մակարդակի, եւ մեր տարակարծութիւնները կը կարգաւորենք հասունութեամբ, ռազմավարական ծիրի մէջ», շեշտեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Թուրքիոյ Գլխաւոր Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Ղեկավարը
Մօտ Օրէն Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ասատի Հետ

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Էօզկիւր Էօզել մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` քննարկելու համար թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Տենիզ Եուճել:

«Հանդիպումին նիւթը մեր օրակարգին վրայ է: Դիւանագիտական խողովակներով կը կատարուին անհրաժեշտ աշխատանքներ:

«Մենք կրնանք տեղեկացնել, որ յառաջիկայ օրերուն մեր ընդհանուր նախագահ Էօզկիւր Էօզելը պիտի հանդիպի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սակայն այդ հանդիպումին օրը, վայրը եւ ժամը տակաւին չէ որոշուած», նշած է կուսակցութեան ներկայացուցիչը:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը նախապէս յայտարարած էր յուլիսին Դամասկոս այցելելու իր մտադրութեան մասին:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահը ընդունած է  Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն առնչուած խնդիրները քննարկելու համար Դամասկոսի մէջ հանդիպելու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարի առաջարկը:

Նախորդը

Հարիս Կը Խոստանայ Պարտութեան Մատնել Թրամփը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հունգարիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Վեհաժողովը Ջնջելով Պելճիքա Տեղափոխեց

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?