Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Անվտանգութեան, Ահաբեկչութեան Եւ Գաղթականներու Տունդարձի Հարցերու Մէջ Պէտք Է Դամասկոսի Հետ Գործակցիլ»

July 26, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Սահմաններու անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ գաղթականներու տունդարձի նման թղթածրարներուն մէջ կան քայլեր, որոնք Թուրքիան պէտք է առնէ` գործակցութեամբ Սուրիոյ կառավարութեան»:

Ան նշեց, որ Անգարա կ՛ուզէ «Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել շրջանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրինակով»:

«Մեր նախագահը բարձրագոյն մակարդակով յայտարարեց այդ առնչութեամբ մեր քաղաքականութիւնը: Մենք պատրաստ ենք բոլոր մակարդակներուն վրայ, ներառեալ նախագահական մակարդակը, երկխօսութեան սկսելու` լուծելու համար գոյութիւն ունեցող խնդիրները», նշեց ան` աւելցնելով. «Ասիկա արժէքաւոր եւ շատ կարեւոր հրաւէր է: Կարիքը կայ խնդիրներու լուծման համար ժողով գումարելու եւ խօսելու»:

Ֆիտան նշեց, որ երկու կողմերը 2017 թուականէն ի վեր տարբեր խողովակներով վարած են շարք մը բանակցութիւններ, «որոնք նպաստեցին ընդդիմութեան եւ Սուրիոյ մէջ վարչակարգին միջեւ բախումի մեղմացման, եւ 6-7 տարիէ ի վեր հանդարտութեան փուլի հաստատումը արտօնեցին, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգին առիթ ընծայեցին լուծելու իր կարգ մը քաղաքական խնդիրները եւ լուծելու ենթակառոյցի ու տնտեսութեան խնդիրները»` աւելցնելով. «Այժմ այդ ժամանակաւոր վիճակը պէտք է աւելի երկարատեւ դարձնենք»:

Ան ըսաւ, որ սուրիացիներուն աւելի քան կէսը ներկայիս երկրէն դուրս կ՛ապրի, եւ պէտք է զանոնք կարող դարձնել անվտանգ կերպով իրենց երկիրը դառնալ:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական ընդդիմութեան, որ կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ որեւէ մերձեցման, թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Անշուշտ, ասոնք շատ յառաջադէմ մակարդակի վրայ քննարկուելիք նիւթեր են, եւ սուրիական ընդդիմութեան ու անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն հարցերը պէտք է քննարկուին ՄԱԿ-ի առնչակից որոշումներուն ծիրին մէջ»:

Նախորդը

Ասատի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Միջին Արեւելքի, Ներառեալ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Դէպի Մագլցում Կ՛ուղղուի» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Գոյացումը «Վերջին Փուլերուն» Մէջ Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.