Հանրապետական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսը «անմիտ ձախակողմեան ծայրայեղական» որակեց:
Թրամփ նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն հեռանալով փոխնախագահ Քամալա Հարիսի թեկնածութեան զօրակցելէն ետք իր առաջին ընտրական հաւաքի ընթացքին յայտնեց, որ Հարիս «անմիտ ձախակողմեան ծայրայեղական մըն է, որ պիտի քանդէ մեր երկիրը», եւ զինք որակեց «ծայրայեղական ազատական մղումի ուժ մը, որ Պայտընի բոլոր աղէտներուն ետին կը կանգնի»:
Թրամփ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին տուաւ «ստախօս Քամալան» տիտղոսը: Ան իր դեմոկրատական հաւանական մրցակիցը ամբաստանեց «արհեստական վիժումի վերաբերեալ իր ծրագիրին ճամբով մանուկներու սպանութեան» զօրակցելու յանցանքով:
Նշենք, որ Հարիս իր ընտրարշաւի առաջին հաւաքի ընթացքին խոստացաւ արհեստական վիժումի դիմելու իրաւունքը դարձնել իր ընտրարշաւին կարեւոր կէտերէն մէկը. «Պիտի պայքարինք իրենց մարմինին վերահսկելու կիներու իրաւունքին համար` գիտակցելով, որ եթէ Թրամփին առիթ ընծայուի, ան ամերիկեան բոլոր նահանգներուն մէջ արհեստական վիժումը պիտի արգիլէ»:
Անդրադառնալով Պայտընի ընտրապայքարէն հեռանալուն` ան ըսաւ. «Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարներն են, որ զինք տապալեցին բացարձակապէս ոչ ժողովրդավարական ձեւով»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակէն ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ գովեց Հարիսը` նշելով. «Հարիս փորձառութիւն ունի: Ան ուժեղ է եւ կարող: Ինծի համար հոյակապ գործընկեր էր: Այժմ, ո՜վ ամերիկացի ժողովուրդ, ընտրանքը քուկդ է»:
Ան ըսաւ, որ ընտրապայքարէն դուրս եկած է նախագահական ընտրութենէն առաջ Դեմոկրատական կուսակցութեան շարքերը միացնելու համար: «Այժմ ժամանակն է, որ նոր ձայներ, աւելի փոքր տարիքի ձայներ ըլլան»:
«Աքսիոս»-ի կատարած հարցախոյզին համաձայն, Հարիսին քուէարկելու պատրաստուողներուն համեմատութիւնը 60 առ հարիւր է, իսկ Թրամփին` 40 առ հարիւր:


