Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին. Մոհամետ Տահլանը Նկատի Առնուած Է Իբրեւ Պատերազմէն Ետք Կազան Ղեկավարելու Թեկնածու

July 27, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պաղեստինի անվտանգութեան նախկին ղեկավար Մոհամետ Տահլան նկատի առնուած է իբրեւ պատերազմէն ետք Կազայի ղեկավարումը ստանձնելու հաւանական թեկնածու: Անոր մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ ան փակ զրոյցներու ընթացքին բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ այդ գաղափարին:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ կարգ մը քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով` կը փնտռուի քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որ կրնայ Կազայի մէջ անվտանգութիւնը ղեկավարել եւ ազդու դերակատարութիւն ունենալ` աւելցնելով, որ շարք մը անուններու կողքին առաջարկուած է Տահլանի անունը:

Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, որ Մոհամետ Տահլանի գաղափարները մեծապէս մօտիկ են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ` Եգիպտոսին, իսկ Կազայի վերաշինութեան ֆինանսաւորման շուրջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:

Տահլան տարակարծութիւն ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուեցաւ, նախքան Այսրյորդանանի մէջ փտածութեան ամբաստանութեամբ դատապարտուիլը: Ամբաստանութիւն մը, որ ան կը հերքէ:

Տահլան Կազայի մէջ պատերազմին սկսելէն ետք կը տեղափոխուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Եգիպտոսի միջեւ եւ խորհրդատուութիւն կը կատարէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն, որոնց հոգատարութենէն օգտուեցաւ: Ան Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Կազայէն գործարարներու եւ ունեւոր ընտանիքներու գլուխներու հետ` Կազա անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարման ուղիներ որոնելու համար:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ ըստ արաբ եւ Համասէն պաշտօնատարներու, Վերջերս Համասի եւ Ֆաթհի միջեւ կատարուած բանակցութիւններուն մէջ Տահլան ինքզինք ներկայացուց իբրեւ անձ մը, որ կրնայ ի վերջոյ հսկել Կազայի մէջ պաղեստինեան նոր վարչակազմին օժանդակութիւններու ցրուումին:

Մոհամետ Տահլան ինք մեկնաբանելով նշեալ լուրերը յայտնեց. «Բազմիցս յայտարարած եմ, որ կը մերժեմ ընդունիլ կամ կատարել որեւէ ապահովական, կառավարական կամ գործադիր պաշտօն»:

 

 

Նախորդը

Միլլըր. «Վրաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Վերատեսութիւնը Կը Շարունակուի»

Յաջորդը

Օսթին. «Պայտըն Իր Պաշտօնավարման Մնացած Ամիսները Պիտի Կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ Օգնելու Եւ Միջին Արեւելքի Տագնապը Լուծելու Վրայ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.