Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան (ԱՍԻԱՆ) անդամ երկիրներու նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ Վիեթնամի մէջ (Լաոս) տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը, Ուքրանիոյ պատերազմը, Կազայի մէջ կացութիւնը, Սուրիոյ վերաբերող եւ շրջանային այլ հարցեր: