Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Նեթանիահուի Պահանջները Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու Առիթի Կորուստին Պիտի Յանգեցնեն»

July 31, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մէջ իր նոր պահանջներուն ներառումը պահանջելով «համաձայնութեան հասնելու առիթը կորսնցնելու» յանցանքով:

Ան այս մասին յայտնած է կիրակի օր «Հըզպալլային հակադարձելու բնոյթի» քննարկման յատկացուած նախարարաց քաղաքական եւ ապահովական սեղմ խորհուրդի նիստի ընթացքին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը յայտնեց, որ Կալանթ ժողովի ընթացքին ըսած է. «Եթէ (Կազայի բնակիչներուն) դէպի հիւսիս անցումը չենք ուզեր, ապա ատիկա կարելի է, սակայն առիթը պիտի կորսնցնենք: Իրողապէս որոշեցինք համաձայն ըլլալ դէպի հիւսիս անցումի արտօնել, եւ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, համաձայնութիւն պիտի չըլլայ»:

Կայանին համաձայն, Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Կալանթին հարցուցած է. «Ուրեմն խնդիր չունի՞ս, եթէ զինեալները անցնին (դէպի Կազայի հիւսիս)», իսկ ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ նշած է, որ 27 մայիսին առաջարկուած գործարքը «իսրայէլեան որեւէ որակաւորուած ֆորումի կողմէ չէ վաւերացուած»:

Գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարար Կիլ Կմլայել իր կարգին յայտնած է, որ գերիները գերութեան մէջ կը սպաննուին, ուստի «մենք ժամանակ չունինք, պէտք է աշխատինք զանոնք անմիջապէս ազատ արձակելու»:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մերի Ռեկեւ, ակնարկելով Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներուն, յայտնած է. «Անոնք գերութեան մէջ կը մահանան: Պէտք է շտապենք, որովհետեւ ժամանակը կը սպառի»:

Նեթանիահու պնդած է, որ ինք որեւէ նախապայման կամ նոր պահանջ չէ աւելցուցած առաջարկուած գործարքին մէջ, եւ նշած է. «Քննարկման նիւթը Լիբանանն է: Կրնանք այս հարցով այլ քննարկում մը ճշդել»:

Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներու համախմբումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պահանջեցին, որ նախարարներն ու ապահովական մարմիններու անդամները հասարակաց կարծիքին առջեւ կանգնին եւ յստակացնեն, թէ ինչո՛ւ բոլոր գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան չեն հասած եւ անհոգութիւնն ու գործարքի խոչընդոտումը կ՛արտօնեն:

Անոնք նաեւ պահանջեցին գիտնալ, թէ ի՛նչ են այն պայմանները, որոնք իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ ներկայացուած գործարքը չէր պարունակեր, եւ հետագային աւելցուած են ամբողջովին հակասելով վարչապետին Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահին տուած խոստումին:

Միւս կողմէ, Նեթանիահու յայտարարեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը արգելք կը հանդիսանայ գերիներու ազատ արձակման ու զինադադարի համաձայնութեան գոյացման, եւ թէ Իսրայէլ իր պայմաններէն որեւէ մէկը չէ փոխած:

 

 

Նախորդը

Լափիտ. «Դիմակաւոր Միլիսներու Ռազմակայան Ներխուժումէն Ետք Նեթանիահուն Բացակայ Է, Իսկ Անոր Կառավարութեան Մէջ Նախարարներ Մեղսակից Են Յեղաշրջման Փորձին»

Յաջորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Թուրքիան Վտարել Դաշինքէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.