Աւելի քան տասը տարուան ընդմիջումէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ օգոստոսին, սահմանային անցակէտի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին` յղում կատարելու թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթին:
«Անգարայի աղբիւրները յայտնած են, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու: Էրտողանի եւ Ասատի հանդիպման վայրի առաջին տարբերակը Իրաքն էր, սակայն այժմ Անգարան կը նախընտրէ հանդիպում կատարել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քասապ անցակէտին վրայ: Հոլովոյթը շատ արագ կ՛ընթանայ. երկու ղեկավարներու միացեալ լուսանկարը կրնայ յայտնուիլ օգոստոսին», կը գրէ օրաթերթը:
Ըստ թրքական օրաթերթի աղբիւրներուն, երկու երկիրներու հետախուզական վարչութիւնները յուլիսին առնուազն երեք հանդիպում ունեցած են` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: