Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Թուրքիան Վտարել Դաշինքէն

July 31, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղեց Թուրքիան դաշինքէն վտարելու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան համար, որ Թուրքիան կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել, ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործած էր:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իսրայէլ ներխուժելու սպառնալիքներուն եւ անոր վտանգաւոր հռետորաբանութեան լոյսին տակ, արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց դիւանագէտներուն ցուցմունք տուաւ շտապ կապ հաստատել Հիւսիսատլանտեան դաշինքի բոլոր անդամներուն հետ, կոչ ուղղելով դատապարտելու Թուրքիան եւ զայն դաշինքէն վտարել պահանջելու»:

Էրտողան կիրակի երեկոյեան յայտնած է. «Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է հզօր ըլլանք»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը նախապէս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրաքի մահացած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի քայլերուն կը հետեւի եւ կը սպառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակիլ: Ան պէտք է յիշէ, որ ատիկա ինչպիսի՛ աւարտ ունեցաւ»:

«Թուրքիան, որ Իսրայէլի վրայ ահաբեկչական յարձակումներու պատասխանատու Համասի կեդրոնատեղին կը հիւրընկալէ, իրանեան չարիքի առանցքին մաս դարձաւ, Համասի, Հըզպալլայի եւ Եմէնի մէջ հուսիներու կողքին», աւելցուցած էր ան:

Նախորդը

Կալանթ. «Նեթանիահուի Պահանջները Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու Առիթի Կորուստին Պիտի Յանգեցնեն»

Յաջորդը

Փեզեշքիանի Երդման Արարողութիւնը` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.