Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը փաքիստանցի մը ամբաստանեց Իրանի ցուցմունքով անձնաւորութիւններու դէմ մահափորձեր ծրագրելու կասկածով»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է. «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ այլ պաշտօնատարներ ահաբեկումներու համար ճշդուած թիրախներ էին»:
Աղբիւրներ նշած են. «ԷՖ.Պի.Այ.»-ը կանխարգիլեց Իրանի հովանաւորութեամբ դաւադրութիւն մը, որուն նպատակը Թրամփը ահաբեկելն էր, ինչ որ յանգեցուց անոր անվտանգութեան ապահովման քայլերու ամրապնդման»:
Աղբիւրները յիշեցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Թրամփ պատասխանատու էր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի նախկին հրամանատար հազարապետ-զօրավար Քասեմ Սլէյմանիի ահաբեկման: