Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի իր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Լամիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ անվտանգութեան քայքայման միակ պատճառը սիոնական գոյացութեան Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ բնակուած շրջաններու վրայ իր ահաբեկչական յարձակումները շարունակելը եւ Թեհրանի մէջ նահատակ Իսմայիլ Հանիէն ահաբեկելն է»:
Քանի շեշտեց. «Եւրոպական կողմերուն իրենց ժխտական դերը շարունակելն ու բռնագրաւումին ոճիրները չդատապարտելը քաջալերել է, որ ան շարունակէ իր ահաբեկչութիւնն ու շրջանին մէջ բռնութեան տարածումը»:
Ան Միացեալ Նահանգներուն ու եւրոպական պետութիւններուն կոչ ուղղեց` «սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն նկատմամբ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ անոր դէմ կանգնիլը չխանգարելու»:
«Իրան որեւէ մէկուն հաճոյախօսութիւն պիտի չկատարէ իր ազգային անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ», շեշտեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի յայտնեց, որ Քանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է եւ զգուշացուցած, թէ իրանեան որեւէ յարձակում շրջանին վրայ քանդիչ եւ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Ան նաեւ նշեց, որ Իրանն ու բոլոր կողմերը պէտք է շտապ կերպով ու անմիջապէս մագլցումը դադրեցնեն:
Լամի նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ մագլցումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի: