Ուաշինկթըն նախազգուշացուցած է Թուրքիան, որ երկրին համար «հետեւանքներ» պիտի ըլլան, եթէ չդադրի Ռուսիոյ արտածել ամերիկեան զինուորական սարքաւորումները, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին Մոսկուայի «պատերազմական մեքենային» համար: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը:
Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարի օգնական Մեթիու Աքսելրոտ, որ կը գլխաւորէ զգայուն ճարտարագիտութիւնները Ուաշինկթընի հակառակորդներու ձեռքէն հեռու պահելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերը, վերջերս Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ հանդիպած է թուրք պաշտօնատարներու եւ գործադիր տնօրէններու հետ` ապօրինի առեւտուրը դադրեցնելու ջանքերու ծիրին մէջ:
Անոր ուղերձը եղած է այն, որ Թուրքիան պէտք է աւելի շատ աշխատի, որպէսզի դադրեցնէ Ռուսիոյ համար Ուքրանիոյ պատերազմի տեսանկիւնէն առանցքային նկատուող ամերիկեան ծագումով չիփերու եւ այլ մասերու առեւտուրը:
«Մեզի պէտք է, որ Թուրքիան օգնէ կանգնեցնել Միացեալ Նահանգներու ճարտարագիտութիւններու ապօրինի հոսքը դէպի Ռուսիա: Մենք պէտք է արագ յառաջընթաց տեսնենք թրքական իշխանութիւններու եւ արդիւնաբերութեան կողմէ: Հակառակ պարագային, մենք այլ ելք չենք ունենար, բացի սահմանափակումներ դնելէ անոնց վրայ, որոնք կը շրջանցեն մեր արտածման վերահսկողութիւնը», «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին ըսած է Աքսելրոտ:
Օրաթերթին համաձայն, վերջերս Անգարա եւ Պոլիս կատարած այցելութեան ընթացքին Աքսելրոտ դժգոհութիւն յայտնած է թրքական իշխանութիւններուն, որոնք, անոր պնդումով, ներգրաւուած են ամերիկեան զգայուն ճարտարագիտութիւնները Ռուսիոյ փոխանցելու հոլովոյթին մէջ` շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու արգելքը:
Ինչպէս կը նշեն ամերիկացի պաշտօնատարները, որոնց հետ զրուցած է օրաթերթը, Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը պատժամիջոցներու ցանկին վրայ արդէն աւելցուցած է 18 ընկերութիւններ, որոնք ամերիկեան ապրանքներ տեղափոխած են Ռուսիա, եւ ապագային այդ ցուցակը կրնայ ընդլայնուիլ, եթէ Թուրքիոյ կողմէ «յառաջընթաց չարձանագրուի»:


