Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Պիտի Չմասնակցին Նակազաքիի Վրայ Հիւլէական Ռումբով Հարուածի Ոգեկոչման` Իսրայէլի Չհրաւիրուելուն Պատճառով

August 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ արեւմուտքցի դեսպաններ պոյքոթի կ՛ենթարկեն Ճափոնի Նակազաքի քաղաքին վրայ հիւլէական ռումբով հարուածի զոհերու ոգեկոչման տարեկան արարողութիւնը` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին լոյսին տակ Իսրայէլի դեսպանը արարողութեան չհրաւիրուելու պատճառով:

Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ դեսպան Ռամ Էմանուել ներկայ պիտի չգտնուի Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին 9 օգոստոսին հիւլէական ռումբով ամերիկեան յարձակումին զոհերու ոգեկոչման արարողութեան` քաղաքի իշխանութիւններուն Իսրայէլի դեսպանը արարողութեան չհրաւիրելու որոշումին պատճառով:

Դեսպանատունը նշեց, որ ամերիկացի դեսպանը ներկայ պիտի չգտնուի, որովհետեւ Իսրայէլը չհրաւիրելու որոշումը «քաղաքականացուած է»:

Թոքիոյի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Ճուլիա Լոնկպաթըմ, որ Հիրոշիմայի մէջ արարողութեան ներկայ գտնուած էր, յայտարարեց, որ Նակազաքիի մէջ արարողութեան ներկայ պիտի չգտնուի, որովհետեւ քաղաքապետութիւնը Իսրայէլը չէ հրաւիրած:

Դեսպանը նշեց, որ ի տարբերութիւն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ, «Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը օգտագործեց, եւ զայն Ռուսիոյ համահաւասար նկատելը ապակողմնորոշող պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլի դեսպանը հրաւիրուած էր երեքշաբթի, 6 օգոստոսին Հիրոշիմայի մէջ հիւլէական ռումբով յարձակումի զոհերու ոգեկոչման, սակայն ոչ Պաղեստինեան իշխանութեան ներկայացուցիչը: Գործիչներ եւ հիւլէական ռումբով յարձակումներէն վերապրածներ երկու քաղաքներու իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էին Իսրայէլը չհրաւիրելու, սակայն Հիրոշիմայի քաղաքապետը մերժած էր անոնց պահանջը:

Նակազաքիի քաղաքապետ Սուզուքի Շիրօ յայտնեց, որ կառչած կը մնայ Ճափոնի մէջ Իսրայէլի դեսպանը չհրաւիրելու իր որոշումին: «Հարցի համապարփակ ուսումնասիրութենէն ետք, ներառեալ նկատի ունենալով չսպասուած կացութեան ստեղծման վտանգը, որոշեցի չհրաւիրել Իսրայէլի դեսպանը», ըսաւ ան:

Նաքազաքիի մէջ արարողութիւնը պոյքոթի ենթարկող երկիրներու շարքին են Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Աւստրալիան եւ Քանատան:

Նախորդը

Կազայի Բնակչութիւնը Սովի Մատնելու Սմոթրիչի Յայտարարութեան Եւրոպական, Ֆրանսական Եւ Բրիտանական Քննադատութիւններ

Յաջորդը

Յորդանան Իրանին Յայտնած Է, Որ Կը Մերժէ Որեւէ Նպատակով Իր Օդային Տարածքի Օգտագործումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.