Սպիտակ տան Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի նորընտիր նախագահ Եահիա Սընուար «7 հոկտեմբերի յարձակումին ճարտարապետն էր եւ միշտ ալ անոր մէջ որոշումին տէրն էր»:
«Սընուարը իբրեւ որոշումի տէր պէտք է ընդունի զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը», նշեց Քըրպի:
«Բանակցութիւններուն վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը Սընուարի` Համասի նախագահ ընտրութեամբ չփոխուեցաւ, եւ ան պէտք է ընդունի գործարքը եւ ազատ արձակէ գերիները», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով բանակցութիւններուն` Քըրպի ըսաւ. «Մենք երկու կողմերուն միջեւ բացերը կամրջելու մէջ երկար ճամբայ կտրեցինք, եւ ներկայացուած լաւ առաջարկ կայ, որ պէտք է ընդունին»:
Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը նաեւ նշեց. «Մենք շրջան մեծ կարողականութիւն փոխադրեցինք եւ Իսրայէլը պիտի պաշտպանենք, եթէ որեւէ յարձակումի ենթարկուի»:


