Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան  «Նոսթրատամուս»-ը Կանխատեսած Է,  Թէ Նոյեմբերին Ո՛վ Պիտի Յաղթէ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան «Նոսթրատամուս»-ը Կանխատեսած Է, Թէ Նոյեմբերին Ո՛վ Պիտի Յաղթէ

Նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի յաղթէ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիս: «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին կանխատեսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան «Նոսթրատամուս» հռչակուած պատմաբան Ալան Լիխթմանը: «Քամալա Հարիս պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը, յամենայն դէպս ատիկա այս ընտրապայքարի արդիւնքին վերաբերեալ իմ կանխատեսումս է: Սակայն արդիւնքը կախեալ է ձեզմէ: Այսպիսով, դուրս եկէ՛ք եւ քուէարկեցէ՛ք»,...

Յորդանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Ալենպի» Անցակէտին Դէմ Ֆիտայական Գործողութիւն

Յորդանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Ալենպի» Անցակէտին Դէմ Ֆիտայական Գործողութիւն

Երէկ երեք իսրայէլացիներ սպաննուեցան, երբ Յորդանանի եւ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի միջեւ «Ալենպի» անցակէտին վրայ կրակոց արձակուեցաւ: Մահացաւ նաեւ գործողութեան հեղինակը` բեռնակառքի յորդանանցի վարորդը: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ ըստ նախնական տեղեկութիւններու,  յորդանանցի վարորդը յորդանանեան հողերէն հասած է անցակէտ` մաքսանենգելով փոքր ատրճանակ մը, որմէ կրակ բացած է իսրայէլացիներուն վրայ: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ սպաննուած իսրայէլացիները ապահովական մարմիններու անդամ են:...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Ամերիկացի Պաշտօնատարներ Կը Յայտնեն, Որ Անորոշ Ժամանակով Յետաձգած Են Համասին Եւ Իսրայէլին Վերջնական Առաջարկի Ներկայացումը

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Ամերիկացի Պաշտօնատարներ Կը Յայտնեն, Որ Անորոշ Ժամանակով Յետաձգած Են Համասին Եւ Իսրայէլին Վերջնական Առաջարկի Ներկայացումը

Աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ կ՛ըսեն, թէ անորոշ ժամանակով յետաձգած են Համասին եւ Իսրայէլին վերջնական առաջարկի ներկայացումը: Անոնք նշած են, որ Համասի անցեալ շաբթուան մէջ նոր պահանջ ներկայացնելը համաձայնութեան գոյացումը բարդացուցած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ Համաս իր պահանջը ներկայացուցած է, մինչ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ բանակցողները կ՛աշխատին առաջարկի մանրամասնութիւններուն վրայ`...

Եւրոպական Խորհուրդի Արդարադատութեան Նախարարները Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Հռչակագիր Որդեգրած Են. Հայաստան Չէ Միացած

Եւրոպական Խորհուրդի Արդարադատութեան Նախարարները Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Հռչակագիր Որդեգրած Են. Հայաստան Չէ Միացած

Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու արդարադատութեան նախարարները «Ուքրանիոյ մէջ կատարուած միջազգային յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ» խորագիրով խորհրդաժողովի աւարտին հռչակագիր որդեգրած են: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի. «Մենք` Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներս, հաւաքուած ենք Լիթուանիոյ Վիլնիուս քաղաքին մէջ` Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի Լիթուանիոյ նախագահութեան հովանիին տակ` լուծելու արդարադատութեան եւ հաշուետուողականութեան խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումին»: Հռչակագիրով...

Եւրոպական Միութիւնը Ափսոսանք Կը Յայտնէ, Որ Մոնկոլիան Փութինը Չձերբակալեց

Եւրոպական Միութիւնը Ափսոսանք Կը Յայտնէ, Որ Մոնկոլիան Փութինը Չձերբակալեց

Եւրոպական Միութիւնը քննադատեց Հռոմի կանոնադրութեան միացած Մոնկոլիան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չձեբրակալելուն համար: «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ափսոսայ, որ Մոնկոլիան` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միացած պետութիւնը, չէ կատարած օրէնքով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները», կը նշուի Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ: Մոնկոլիան Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն պէտք էր ձերբակալէր երկիր այցելած Փութինը, որուն 18 ամիս առաջ դատարանը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր`...

Ազրպէյճանէն Իսրայէլեան Զինուորական Օդակայան Թռիչքները Կը Շարունակուին

Ազրպէյճանէն Իսրայէլեան Զինուորական Օդակայան Թռիչքները Կը Շարունակուին

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ, ըստ «Ֆլայթ Ռատար» կայքին, Ազրպէյճանի ռազմական բեռնատար օդանաւեր նոր թռիչքներ կատարեցին դէպի Իսրայէլի օդուժին պատկանող «Օվտա» օդակայանը, որ, իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, այդ երկրին միակ օդակայանն է, որ թոյլտուութիւն ունի ռազմամթերքի արտածման եւ ներածման: Յստակ չէ, թէ ի՛նչ նպատակով ազրպէյճանական «Սիլք Ուէյ»-ի բեռնատար օդանաւը գնաց, ապա 4 սեպտեմբերին վերադարձաւ Պաքու:  

Պլինքըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Կէտերուն 90 Առ Հարիւրին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացաւ, Սակայն Տակաւին Դժուար Խնդիրներ Կան»

Պլինքըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Կէտերուն 90 Առ Հարիւրին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացաւ, Սակայն Տակաւին Դժուար Խնդիրներ Կան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան կէտերուն 90 առ հարիւրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, սակայն տակաւին դժուար խնդիրներ կան»: «Տակաւին զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն մէջ առկախ հարցեր կան», նշեց Պլինքըն: «Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխուժ բանակցութիւններու մէջ ներքաշուած ենք զինադադարի համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն յառաջիկայ օրերուն...

Սաֆատի. «Այսրյորդանանի Պաղեստինցիները Յորդանան Արտաքսելու Որեւէ Փորձ Համազօր Է Մեր Երկրին Դէմ Պատերազմի Յայտարարման»

Սաֆատի. «Այսրյորդանանի Պաղեստինցիները Յորդանան Արտաքսելու Որեւէ Փորձ Համազօր Է Մեր Երկրին Դէմ Պատերազմի Յայտարարման»

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամանի մէջ իր գերմանացի պաշտօնակից Աննալենա Պերպոքի տրուած հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Այսրյորդանանի պաղեստինցիները  արտաքսելու որեւէ փորձ համազօր է Յորդանանի դէմ պատերազմի յայտարարման»: «Գետնի վրայ իսրայէլեան քայլերը սպաննեցին Պաղեստինի մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման բոլոր առիթները», նշեց Սաֆատի: Ան նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքին,...

Ալիեւ-Մելոնի Հանդիպում

Ալիեւ-Մելոնի Հանդիպում

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնիի հանդիպումը: Անոնք քննարկած են Իտալիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Միտքերու լայն փոխանակում ծաւալած է երկիրներու միջեւ երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, մասնաւորաբար` արդիւնաբերական եւ ուժանիւթային, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման հարցերու շուրջ: Մելոնի շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի...

Օրպան. «Ազրպէյճանը Շրջանի Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ Հիանալի Օրինակ Է»

Օրպան. «Ազրպէյճանը Շրջանի Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ Հիանալի Օրինակ Է»

Ազրպէյճանը շրջանի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ հիանալի օրինակ է: Այս մասին Իտալիոյ մէջ միջազգային խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան: «Ազրպէյճանը խաղաղութեան հաստատման առումով օրինակ է եւ գիտէ ինչպէ՛ս կայունութիւն բերել շրջան», ըսած է Օրպան:

Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Գերիներու Փոխանակման Նոր Նախագիծի Մը Մասին Կը Խօսի

Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Գերիներու Փոխանակման Նոր Նախագիծի Մը Մասին Կը Խօսի

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կամ անկէ առաջ գերիներու փոխանակման նոր գործարք մը կրնայ հրապարակուիլ` նշելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւներն ու Ֆիլատելֆիա առանցքին կառչիլը միջնորդ կողմերը դժուար կացութեան մատնեցին: Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսաւ, որ գործարքին վերաբերեալ նոր առաջարկին նպատակը տարակարծութեան գլխաւոր կէտերը լուծելն է` նշելով, որ բանակցողները կը փորձեն լուծել գլխաւոր խոչընդոտները` Ֆիլատելֆիա...

Միւնիխի Մէջ Կրակոց` Իսրայէլի Հիւպատոսարանին Մօտ

Միւնիխի Մէջ Կրակոց` Իսրայէլի Հիւպատոսարանին Մօտ

Միւնիխի մէջ տղամարդ մը կրակ բացած է Իսրայէլի հիւպատոսարանին մօտ, ոստիկանները հակադարձելով վիրաւորած են զինք: Այս մասին հաղորդեց «Եուրոնիուզ»-ը: Դէպքի վայր հասած են իրաւապահ մարմիններու մեծաթիւ անդամներ, ներառեալ մասնայատուկ ուժեր եւ ոստիկանական ուղղաթիռներ: Իսրայէլացի դիւանագէտները յայտնած են, որ այդ ժամանակ հիւպատոսարանը փակ եղած է:  

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ 15 Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորը Ազատ Արձակելու

Ֆրանսան Իր Քաղաքացիները Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճան Այցելելէ

Ֆրանսա հրապարակեց ճամբորդական խորհրդատուական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նախազգուշացնէ իր քաղաքացիները` Ազրպէյճան այցելելու միայն ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային` «ձերբակալութեան, կամայական բանտարկութեան եւ անարդար դատավարութիւններու վտանգներուն պատճառով»: Այդ մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այսպիսի վտանգներու ենթակայ են պարզ զբօսաշրջիկները եւ գործով այցելողները, իսկ ձերբակալութեան կամ բանտարկութեան պարագային հիմնարար իրաւունքներու յարգանքը չէ երաշխաւորուած:...

Միշել Պառնիէ` Ֆրանսայի Նոր Վարչապետ

Միշել Պառնիէ` Ֆրանսայի Նոր Վարչապետ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երկրի նոր վարչապետ նշանակած է Միշել Պառնիէն: Այս մասին կը յայտնէ «Պէ. ԷՖ. Էմ. Թէ. Վէ.»-ն: Նոր վարչապետը ընտրուած է պետութեան ղեկավարին եւ հիմնական քաղաքական ուժերուն միջեւ շարք մը խորհրդակցութիւններէ ետք: 73 տարեկան գործիչը «Պրեքզիթ»-ի հարցով Եւրոպական Միութեան նախկին աւագ բանագնացն էր եւ 2016-2019 թուականներուն բանակցութիւններ վարած է Բրիտանիոյ կառավարութեան հետ: Ան 1958-ին Հինգերորդ Հանրապետութեան ստեղծումէն...

Լաւրով Միացեալ Նահանգները Կը Զգուշացնէ Ռուսիոյ Կարմիր Գիծերուն Հետ Կատակելէ

Լաւրով Միացեալ Նահանգները Կը Զգուշացնէ Ռուսիոյ Կարմիր Գիծերուն Հետ Կատակելէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներուն համար թեւաւոր հեռահաս հրթիռներ մատակարարելու մտադրութեան մասին մամուլին մէջ տարածուած լուրերը,  Միացեալ Նահանգները զգուշացուց Ռուսիոյ ճշդած «կարմիր գիծեր»-ուն հետ կատակելէ: Լաւրով ռուսական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կորսնցուցած է փոխադարձ զսպման զգացումը, որ Պաղ պատերազմէն ի վեր Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ անվտանգութեան հաւասարակշռութիւնը ամրապնդած է, ինչ որ վտանգաւոր...

«Վրաստանի Եւրոպական Միութեան Համարկման Հոլովոյթը Փաստացի Կասեցուած Է»   Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութիւնը

«Վրաստանի Եւրոպական Միութեան Համարկման Հոլովոյթը Փաստացի Կասեցուած Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութիւնը

Վրաստանի Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթը փաստացի կասեցուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Վրաստանի մէջ միութեան ներկայացուցչութիւնը: «Եւրոպական Միութիւնը կը յիշեցնէ, որ Վրաստանի անդամակցութեան հոլովոյթը փաստացի կասեցուած է, եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` վերադառնալու համարկման ուղի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Եւրոպական Միութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նաեւ կը դատապարտէ Վրաստանի...

Կանց. «Ֆիլատելֆիա Առանցքը Իսրայէլին Գոյութենական Վտանգ Չի Ներկայացներ»

Կանց. «Ֆիլատելֆիա Առանցքը Իսրայէլին Գոյութենական Վտանգ Չի Ներկայացներ»

Իսրայէլի ընդդիմադիր Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց յայտնեց, որ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ գտնուող Ֆիլատելֆիա առանցքը իր երկրին «գոյութենական վտանգ չի ներկայացներ»` շեշտելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն գերիները Կազայէն «ողջ պիտի չվերադարձնէ»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի երէկ ներկայացուցած պատրուակներէն մէկ քանին անտրամաբանական էին», ըսաւ ան: Նեթանիահու երկուշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ Կազայի պատերազմի նպատակներու իրագործումը...

Եգիպտոսի Նախագահը Այցելեց Թուրքիա Եւ Ողջունեց Թուրք-Սուրիական «Մերձեցումը»

Եգիպտոսի Նախագահը Այցելեց Թուրքիա Եւ Ողջունեց Թուրք-Սուրիական «Մերձեցումը»

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ 12 տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Անգարայի օդակայանին մէջ Եգիպտոսի նախագահին դիմաւորեցին Թուրքիոյ նախագահը,  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Անգարայի նահանգապետ Վասիփ Շահինն ու այլ պաշտօնատար անձեր: Սիսի Անգարա հասնելէ ետք յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը, եւ ատկէ առաջ...

Էրտողանի Եւ Ասատի Հանդիպումին Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Չէ Տրուած

Էրտողանի Եւ Ասատի Հանդիպումին Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Չէ Տրուած

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պաշշար Ասատի միջեւ 11 տարուան ընթացքին առաջին հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին: Ատոր վերաբերեալ որոշում տակաւին չէ տրուած, մինչեւ վեհաժողովը բանակցութիւններ կը սպասուին գաղտնի սպասարկութիւններու, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք: «Նախ երկու...

«Հանիէի Ահաբեկման Մեր Հակադարձութեան Սպասման Ժամանակը Կրնայ Երկարատեւ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քուտս Զօրամասի Գործողութիւններու Պատասխանատուն

«Հանիէի Ահաբեկման Մեր Հակադարձութեան Սպասման Ժամանակը Կրնայ Երկարատեւ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քուտս Զօրամասի Գործողութիւններու Պատասխանատուն

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի գործողութիւններու պատասխանատուն յայտնեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման մեր հակադարձութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ, եւ անոր ըլլալիք կերպը պիտի չբացայայտենք»: «Մեր հակամարտութեան ձեւն ու տեսակը հիմնուած պիտի ըլլայ պայմաններուն վրայ, որոնք կրնան իրագործել մեր նպատակները», ըսաւ ան: Իրանցի պաշտօնատարը նաեւ շեշտեց. «Հանիէի ահաբեկման հակադարձութեան սպասման ժամանակը կրնայ երկարատեւ ըլլալ, մինչեւ որ ապահովուին յարմար...

Page 132 of 882 1 … 131 132 133 … 882

Արխիւներ