Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երկրի նոր վարչապետ նշանակած է Միշել Պառնիէն: Այս մասին կը յայտնէ «Պէ. ԷՖ. Էմ. Թէ. Վէ.»-ն:
Նոր վարչապետը ընտրուած է պետութեան ղեկավարին եւ հիմնական քաղաքական ուժերուն միջեւ շարք մը խորհրդակցութիւններէ ետք: 73 տարեկան գործիչը «Պրեքզիթ»-ի հարցով Եւրոպական Միութեան նախկին աւագ բանագնացն էր եւ 2016-2019 թուականներուն բանակցութիւններ վարած է Բրիտանիոյ կառավարութեան հետ:
Ան 1958-ին Հինգերորդ Հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր Ֆրանսայի ամէնէն տարեց վարչապետն է: Ան կը փոխարինէ Կապրիել Աթալը, որ ամէնէն երիտասարդ վարչապետն էր: