Բրիտանիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ղեկավարը Կ՛այցելէ Պաքու
Բրիտանիոյ արտաքին հետախուզութեան` «Էմ.Այ.6»-ի ղեկավար Ռիչըրտ Մուր այցելած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Մուր Պաքուի մէջ դասախօսութիւն տուած է «Էյ.Տի.Էյ.» համալսարանին մէջ:




















