Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան «Նոսթրատամուս»-ը Կանխատեսած Է, Թէ Նոյեմբերին Ո՛վ Պիտի Յաղթէ

September 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի յաղթէ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիս: «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին կանխատեսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան «Նոսթրատամուս» հռչակուած պատմաբան Ալան Լիխթմանը:

«Քամալա Հարիս պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը, յամենայն դէպս ատիկա այս ընտրապայքարի արդիւնքին վերաբերեալ իմ կանխատեսումս է: Սակայն արդիւնքը կախեալ է ձեզմէ: Այսպիսով, դուրս եկէ՛ք եւ քուէարկեցէ՛ք», ըսած է 77 տարեկան Լիխթման:

Ամերիկեան համալսարանի պատմութեան դասախօսը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կը կանխատեսէ 1984-էն ի վեր եւ ճշգրիտ կանխատեսած է բոլորը, բացառութեամբ մէկուն` 2000 թուականին Ճորճ Պուշի վիճարկուող յաղթանակը Ալ Կորի դէմ: Սակայն Լիխթման բազմիցս ըսած է, որ այդ սխալը չի խաթարեր իր մշակած բնորդի արդիւնաւէտութիւնը, որովհետեւ, անոր կարծիքով, Պուշ անարդարացիօրէն յաղթած էր:

Լիխթմանի կանխատեսումները հիմնուած են շարք մը ճշմարիտ/կեղծ բանալի կէտերու վրայ, որոնց ճամբով կը չափուի նախագահութեան համար առաջադրուած թեկնածուի յաջողութիւնը, եւ հաշուի չեն առնուիր հարցախոյզերու միտումները:

Ըստ Լիխթմանի, Հարիս բանալի կէտերու մեծ մասով Թրամփէն առաջ անցած է:

Միւս կողմէ, «Ամերիկայի ձայն»-ը հաղորդեց, որ ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի եւ «Սիենա Քոլեճ»-ի կողմէ կատարուած հարցախոյզին, հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփն ու անոր դեմոկրատական մրցակիցը վերջին շաբաթներու արդիւնքներով գրեթէ հաւասար եղած են:

Կիրակի օր հրապարակուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ Թրամփը մէկ կէտով` 48 առ հարիւրով 47 առ հարիւրի դիմաց կը գերազանցէ Հարիսին, ինչ որ հարցախոյզի սխալի սահմաններուն մէջ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը կրնայ յաղթել 5 նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութեան:

Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ընտրողները կարիք ունին աւելին գիտնալու Հարիսի մասին, մինչդեռ Թրամփի մասին անոնց կարծիքները հիմնականին մէջ սահմանուած են: Հարցախոյզները նաեւ ցոյց կու տան, որ այսօրուան նախագահական պատկերասփռուած բանավէճը կրնայ ընտրապայքարին մէջ վճռորոշ պահ ըլլալ:

Նախորդը

«Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Ամբողջական Պատերազմի Ծագումը Օրերու Հարց Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Փոխնախագահը

Յաջորդը

Իւանիշվիլի. «Կ՛ողջունեմ Սամցխէ-Ջաւախեթիի Մէջ Ապրող Իմ Համաքաղաքացիները»

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.