Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Ափսոսանք Կը Յայտնէ, Որ Մոնկոլիան Փութինը Չձերբակալեց

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը քննադատեց Հռոմի կանոնադրութեան միացած Մոնկոլիան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չձեբրակալելուն համար:

«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ափսոսայ, որ Մոնկոլիան` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միացած պետութիւնը, չէ կատարած օրէնքով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները», կը նշուի Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ:

Մոնկոլիան Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն պէտք էր ձերբակալէր երկիր այցելած Փութինը, որուն 18 ամիս առաջ դատարանը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր` ուքրանացի երեխաներու անօրինական տեղահանման մէջ մեղադրելով:

Մոնկոլիոյ կառավարութեան անանուն ներկայացուցիչ մը «Փոլիթիքօ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին բացատրած է, թէ ինչո՛ւ իր երկիրը չէ ձերբակալած Ռուսիոյ նախագահը:

Անոր համաձայն, Մոնկոլիան քարիւղի 95 առ հարիւրը եւ ելեկտրականութեան աւելի քան 20 առ հարիւրը կը ներածէ դրացի երկիրներէն, եւ այդ մատակարարումները վճռորոշ դեր ունին երկրին գոյութիւնը պահպանելու համար:

Բացի ատկէ, ան նշած է, թէ Մոնկոլիան միշտ չէզոք քաղաքականութիւն վարած է դիւանագիտական բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ:

Նախքան այդ, «Փոլիթիքօ»-ն գրած էր, որ Միջազգային քրէական դատարանը պիտի չկարենայ պատժել Մոնկոլիան, եթէ վերջինս մերժէ ձերբակալել Վլատիմիր Փութինը:

Մոնկոլիոյ նախագահ Ուխնաակիյն Խուրելսուխ միջազգային ընտանիքէն ներում հայցեց Փութինը չձերբակալելուն համար եւ նշեց, որ ստեղծուած կացութեան մէջ իր կարելիութիւնները սահմանափակ եղած են:

Մոնկոլիա այցելութիւնը դատարանի կողմէ զինք ձերբակալելու հրամանի հրապարակումէն ետք Փութինի առաջին ուղեւորութիւնն էր Միջազգային Քրէական դատարանի անդամ երկիր:

Քրեմլին. «Փութին Տակաւին Չէ Որոշած` Հռոմի Կանոնադրութիւնը
Վաւերացուցած Պրազիլ Այցելե՞լ, Թէ՞ Ոչ»

Ռուսիան կը շարունակէ աշխատիլ «Քսաններու» խմբակի ծիրին մէջ, սակայն նախագահ Վլատիմիր Փութին տակաւին չէ որոշած Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին մեկնի՞լ, թէ՞ ոչ: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Տակաւին այդ առնչութեամբ որոշումներ չեն տրուած… Մեր երկրի ներկայացուցիչը կը շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ իր գործընկերներուն հետ: Մենք այնտեղ կը պաշտպանենք մեր շահերը, սակայն նախագահը տակաւին որոշումներ չէ տուած», ըսած է Փեսքով:

Պրազիլը այն երկիրներէն է, որ վաւերացուցած է Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը: Պրազիլի նախագահ Լուլա Տա Սիլվան ըսած է, որ Փութին ինք պէտք է գնահատէ իր այցելութեան հետեւանքները:

Նախորդը

Ազրպէյճանէն Իսրայէլեան Զինուորական Օդակայան Թռիչքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Արդարադատութեան Նախարարները Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Հռչակագիր Որդեգրած Են. Հայաստան Չէ Միացած

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?