Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Միջնորդներու Ճամբով Զգուշացուց, Որ Իսրայէլի Վրայ Ուժգին Եւ Բարդ Յարձակում Կը Ծրագրէ» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

November 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Իրան  միջնորդներու ճամբով փոխանցած է պատգամ մը, թէ Իսրայէլի վրայ ուժգին եւ բարդ յարձակում մը կը ծրագրէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի իրանեան հակադարձութեան ծրագիրը կը ներառէ աւելի ուժեղ մարտագլխիկներ եւ այլ զէնքերու կիրարկում:

Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին  յայտնած են. «Իրան դիւանագէտներու յայտնեց, թէ իր բանակը պիտի մասնակցի Իսրայէլին հակադարձութեան»:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը իր կարգին հաղորդեց. «Ապահովական շրջանակներու գնահատումով, իրանեան հակադարձութիւնը ամերիկեան ընտրութեան թուականէն եւ արդիւնքներէն անկախ պիտի ըլլայ»:

«Ամերիկացիները «Պի-53» տիպի ռմբաձիգներ շրջան տեղափոխեցին` հաւանական հակադարձութեան եւ զսպման համար», նշեց կայանը:

«Իրանցիները մասնաւորաբար Իրաքի մէջ գտնուող միլիսներուն ցուցմունք տուին իրենց յարձակումները աւելցնելու», յայտնեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը նաեւ կայանին յայտնեց. «Սպասուող իրանեան յարձակումը Լիբանանի մէջ կարգաւորման հասնելու բանակցութիւններուն վրայ պիտի չազդէ»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Ալի Ֆատաւի յայտնեց. «Անկեղծ խոստում 3» գործողութիւնը հաստատօրէն պիտի գործադրուի, սակայն կարելի չէ անոր մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլ»:

Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի նախապէս յայտնած էր. «Ուաշինկթընն ու սիոնական գոյացութիւնը կը զգուշացնենք, որ իսլամական դիմադրութիւնը չարիքի ճակատին կարծր կերպով պիտի հակադարձէ»:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Նափոլիի Անակնկալ Պարտութիւնը Օգնեց Ինթերին, Որ Մօտենայ

Յաջորդը

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Մասնակցելու Համար ՔՈՓ29-ին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.