«Թրամփ Լուրջ Կը Վերաբերի Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապը Դադրեցնելուն» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Նախագահը
Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ ետք յայտարարած է, որ Թրամփ լուրջ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելուն: Ան ըսած է, որ մինչեւ յունուար 2025` Թրամփի երդման արարողութիւնը «կարելիութեան պատուհան» կայ` քննարկելու խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան մանրամասնութիւնները: Պաքուի մէջ ՔՈՓ29 Կենսոլորտային վեհաժողովի ծիրին մէջ Ալեքսանտր Սթուպ թուարկած է չորս, իր կարծիքով, Ուքրանիոյ...



















