Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միցոթաքիս. «Յունաստանի Մէջ Թուրքիոյ Հետ Պատերազմելու Կողմնակիցներ Կան»

November 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անդրադարձած է թուրք-յունական յարաբերութիւններուն` 8 նոյեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի Աթէնք իրականացնելիք այցելութեան ընդառաջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»:

Ան, պաշտպանելով Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն ունենալու տեսակէտը, նշած է, որ կողմնակից է խաղաղութեան:

Միցոթաքիս շեշտած է, որ Յունաստանի ընդդիմադիր Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» մէջ կան շրջանակներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան:

«Երկխօսութեան դէմ արձագանգողներու այլընտրանքային առաջարկը ո՞րն է: Անոնք կը նախընտրեն հանգի՞ստ, թէ՞ ալեկոծ ջուրերը», աւելցուցած է ան:

Յունաստանի ղեկավարը նշած է նաեւ, որ նախորդ հինգ տարուան համեմատութեամբ յունական կողմը աւելի ուժեղ դարձած է` թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ՛ տնտեսութեան տեսանկիւնէն, ապա ըսած է.

«Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու կողմնակից եմ: Մեր յարաբերութիւնները այժմ աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան նախապէս: Ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններն ալ լաւ են: Նայեցէ՛ք մեր աշխարհագրութեան: Մենք դատապարտուած ենք Թուրքիոյ հետ միասին ապրելու:

«Նոյնիսկ կ՛ըլլան «Թուրքիոյ հետ պատերազմինք» ըսողներ, սակայն ատիկա անընդունելի է»:

Ֆիտան Յունաստան պիտի այցելէ յունուարին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի գլխաւորութեամբ տեղի ունենալիք «Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդ»-ի նիստի նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու համար:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Պաշտօնապէս ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Հետ Համաձայնութիւնը Խզեց

Յաջորդը

Նեթանիահու Պաշտօնազրկեց Կալանթը Եւ Անոր Տեղ Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակեց Եիսրայէլ Քացը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.