Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած է 5 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութեան` ընդգծելով, որ Մոսկուան որեւէ մեծ սպասումի առիթ չունի:
Ըստ Մետվետեւի, Ռուսիոյ համար ընտրութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ, որովհետեւ թեկնածուներու դիրքորոշումները լիովին կ՛արտացոլացնեն Ռուսիոյ յաղթելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ երկկուսակցական համախոհութիւնը:
«Քամալան (Քամալա Հարիսը) յիմար է, անփորձ, վերահսկուող եւ պիտի վախնայ իր շրջապատի բոլոր մարդոցմէ: Պիտի իշխեն կարեւորագոյն նախարարները եւ օգնականները, գումարած անուղղակիօրէն Օպամայի ընտանիքը:
«Արդէն յոգնած Թրամփը, որ կ՛ըսէ «ես գործարք պիտի առաջարկեմ», «ես հիանալի յարաբերութիւններ ունիմ…», նոյնպէս ստիպուած պիտի ըլլայ հետեւիլ համակարգի բոլոր կանոններուն: Ան չի կրնար դադրեցնել պատերազմը ո՛չ մէկ օրուան մէջ, ո՛չ երեք օրուան մէջ, ո՛չ երեք ամսուան մէջ: Եւ եթէ ան իսկապէս փորձէ, ապա կրնայ դառնալ նոր Ճոն Քենետի», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը:


